ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 49.100 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 21.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 21.000 լ. ոսկիով, մազութը` 15.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազը` 14.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 824.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 846.000 լ. ոսկի, մազութը` 881.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 521.000 լ. ոսկի:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերու հրամանատար Աւիվ Քոխավի սպառնաց Լիբանանը 50 տարի ետ տանիլ` Հըզպալլայի դէմ պատերազմ բռնկելու պարագային:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակն ու իրադարձութիւնները: Զօր. Աուն մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւններ կատարելու: Նշենք, որ զօր. Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը, ինչպէս նաեւ դեղագործներու սենտիքայի նախագահ Ճօ Սալլումը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ կառավարութեան նիստի գումարումին իմաստով իրենց կեցուածքը սկզբունքային է ու հաստատ: Ան կոչ ուղղեց արագացնելու հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան միասնական կեցուածքով միայն կարելի պիտի ըլլայ շրջանցել բարդութիւնները` պաշտպանելու համար մեր երկիրը:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Հասան Մըրատ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդէն պահանջեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը դարձեալ հունի վրայ դնել, եւ այդ թղթածրարը դուրս բերել քաղաքական բախումներու շրջագիծէն, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծման մը յանգիլ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը փուլ եկած է, իսկ կառավարութիւնը ջայլամի քաղաքականութիւն կը վարէ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ երկիրը մահաքունի մէջ է, եւ կոչ ուղղեց վերադառնալու փոխըմբռնումի այն փաթեթին, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի առաջարկած էր զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու նախօրեակին:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին թմրեցուցիչի մաքսանենգ մը, որ Լեռնալիբանանի շրջաններուն մէջ թմրեցուցիչի վաճառականութեամբ կը զբաղի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ բանակի շրջուն ջոկատ մը Հուլայի մէջ հսկողութիւն կատարելու ընթացքին նշմարեց իսրայէլեան ուժերուն պատկանող անօդաչու թռչող սարք մը եւ իսկոյն կրակեց անոր ուղղութեամբ ու վար առաւ զայն:


