Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսէյն Հիւսէյնի Ոչ Եւս Է

January 12, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի երէկ կնքեց իր մահկանացուն:

86 տարեկան Հիւսէյնի ծնած էր Զահլէի մէջ. ան խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը ստանձնած էր 1984-1992, այսինքն` լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին եւ անոր յաջորդ քանի մը տարիներուն:

Հիւսէյնի մեծ դերակատարութիւն ունեցած է լիբանանեան տագնապին լուծում բերած Թաէֆի համաձայնագիրի ստորագրութեան մէջ:

Հիւսէյնիի թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 12 յունուար 2023-ին, Շամսթարի մէջ:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ` չորեքշաբթի, 11 յունուար 2023-էն սկսեալ եռօրեայ պաշտօնական սուգ յայտարարեց Հիւսէյնիի մահուան առիթով, նշելով, որ պետական հաստատութիւններուն վրայ լիբանանեան դրօշները կիսակայմ պիտի ծածանին, իսկ ձայնասփիւռի ու պատկերասփիւռի կայանները իրենց ծրագիրները պիտի պատշաճեցնեն Հիւսէյնի մահուան սուգին:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի լիբանանցի ժողովուրդին անունով գուժեց Հիւսէյնիի մահը` զայն նկատելով Լիբանանի վեհ դէմքերէն մէկը:

Պըրրի շեշտեց, որ Հիւսէյնի Լիբանանի ազգային այն հեղինակութիւններէն է, որ բնաւ չփոխուեցաւ, այլ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին պաշտպանեց իր հայրենիքը, քաղաքացին, մարդը, միասնականութիւնը, երկրին արաբական ինքնութիւնը` խօսքով, գործով եւ բարի վարքով:

Միքաթի գուժեց Հիւսէյնիի մահը` հաստատելով, որ Լիբանան կորսնցուց ազգային եւ սահմանադրական իսկական հեղինակութիւն մը` աւելցնելով, որ անոր մահով կը փակուի քաղաքական եւ խորհրդարանական գործունէութեան պայծառ էջ մը:

Միքաթի հաստատեց, որ Հիւսէյնիի աշխատանքը խորհրդարանի պատմութեան մէջ իւրայատուկ տեղ գրաւած է, յատկապէս լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին վերջ դրած Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ իր ունեցած կարեւոր դերակատարութեամբ:

«Հիւսէյնի քաջ կը գիտակցէր Լիբանանի ու անոր դերակատարութեան իւրայատկութեան, ինչպէս նաեւ համոզուած էր Լիբանանի մէջ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութեամբ` ընդգծելով, որ սահմանադրական բարեկարգումները կ՛երաշխաւորեն Լիբանանի կայունութիւնը», յայտնեց Միքաթի:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի գուժեց Հիւսէյնիի մահը` շեշտելով, որ Լիբանան կորսնցուցած է վեհ անձնաւորութիւն մը` Թաէֆի հեղինակութիւններէն: «Ազգային մը, որ միշտ ալ առաջնորդուած է հաւասարակշռութեամբ, երկխօսութեան ուղիով, սահմանադրութեան գիրքով ու ազգային միասնականութիւնը վերանորոգելու նպատակով», շեշտեց ան:

Նախկին վարչապետ Հասսան Տիապ գուժեց Հիւսէյնիի մահը` շեշտելով, որ անոր մահով Լիբանան կորսնցուց երկխօսութեան ռահվիրան, ինչպէս նաեւ սահմանադրական աշխատանքի դրօշակակիրներէն մէկը: Հիւսէյնին էր, որ երկիրը վերադարձուց քաղաքացիական անվտանգութեան հուն:

Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ իր կարգին գուժեց մահը Հիւսէյն Հիւսէյնիի, որ քաղաքական եւ խորհրդարանական իր գործով մեծ վաստակ ունեցաւ երկրին անկախութիւնը, միասնականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը ամրապնդելու` Լիբանանի դիմագրաւած ամէնէն վատ պայմաններուն եւ զգայուն փուլերուն ընթացքին:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդը գուժեց Հիւսէյնիի մահը` զայն նկատելով ազգային, իսլամական եւ միասնականութեան կեցուածքներու ականաւոր հեղինակը: «Այս դժուար պայմաններուն ընթացքին կորսնցուցինք հաւասարակշռուած, չափաւոր եւ ազգային բարձր գիտակցութեամբ օժտուած առաջնորդ մը, որուն անունը կարելի չէ անջատել Թաէֆի համաձայնագիրէն», նշուեցաւ խորհուրդին կողմէ:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան գուժեց Հիւսէյնիի մահը` հաստատելով, որ ան նուիրումով գործած է Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն միասնականութիւնը պահպանելու համար:

Հիւսէյնիի մահը գուժեցին նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ, նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա եւ Սելիմ Հըս, Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի, Արժանապատուութիւն հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան, խմբագիրներու սետիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆի, Մարոնիներու լիկայի նախագահ Խալիլ Քարամ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը եւ շարք մը այլ քաղաքական անձնաւորութիւններ:

 

Նախորդը

Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանի Այսօրուան Նիստը Յետաձգուեցաւ 19 Յունուարին

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Եւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կը Գուժեն Հիւսէյն Հիւսէյնիի Մահը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.