Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան հինգշաբթի ուշ գիշերին հասաւ Պէյրութ, ուր դիմաւորուեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի, խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Քապալան Քապալանի, Ամալ շարժումի ներկայացուցիչ Թալալ Հաթումի եւ Հըզպալլայի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Հասան Իզզէտտինի կողմէ:
Եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան եկած Իրանի դիւանագիտութեան պետը Պէյրութի միջազգային օդակայանէն լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն երկխօսութեան կոչ ուղղեց` հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրելու:
Երէկ առաւօտեան Ապտոլլահեան այցելեց Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պու Հապիպ յայտնեց, որ Ապտոլլահեանէն իմացած է Իրանի յանձնառութիւնը Լիբանանի կայունութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ շեշտած նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը:
Ան նշեց, որ քննարկուած է նաեւ Իրանի մէջ տիրող կացութիւնը, որուն լոյսին տակ ինք հաստատած է, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Իրանի կայունութեան եւ կը մերժէ անոր ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալ:
Պու Հապիպ նկատել տուաւ, որ իրանեան օժանդակութիւններէն օգտուելու լուրջ փորձեր կան, որոնց կողքին կան նաեւ արտաքին արգելքներ եւ ճնշումներ, «բայց եւ այնպէս փորձերը կը յամենան», աւելցուց ան:
Իր կարգին, Ապտոլլահեան յայտնեց, որ Իրան պիտի մնայ Լիբանանի հաւատարիմ մնայուն բարեկամը` նեղ եւ ուրախ օրերուն:
Ան նշեց, որ Պու Հապիպի հետ քննարկած է տնտեսական, առեւտրական եւ զբօսաշրջական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Ապտոլլահեան հաստատեց, որ Իրան յանձնառու կը մնայ նաւթի եւ ելեկտրականութեան համաձայնութեան գործադրութեան, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան նոր ընկերութիւններ հիմնելու եւ կայանները վերանորոգելու իրենց նախանձախնդրութեան: «Լիբանանի ապահովութիւնն ու բարգաւաճումը Իրանի եւ ամբողջ շրջանի ապահովութիւնն ու բարգաւաճումն է», շեշտեց ան:
Նախագահական ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ապտոլլահեան յայտնեց, որ Իրան լիբանանեան ներքին հարցերուն չի միջամտեր եւ կոչ կ՛ուղղէ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն եւ հոսանքներուն իրարու միջեւ երկխօսութիւն կատարելու:
Լրագրողներու հարցումներէն մէկուն պատասխանելով` Ապտոլլահեան յայտնեց, որ Իրան կ՛ողջունէ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւնները եւ երկխօսութիւնը, որոնք կրնան յանգիլ երկու երկիրներուն հարցերուն լուծման:
Ան նկատել տուաւ, որ Ասթանայի ձեւաչափը պէտք է ամրապնդել` առկայ խնդիրները լուծելու համար:
Ապտոլլահեան այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու միջոցները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը դժուար է` աւելցնելով սակայն, որ իրենք կ՛աշխատին հարցերը լուծելու, ինչպէս նաեւ կամքն ու վստահութիւնը ունին երկիրը դուրս բերելու իր դիմագրաւած այս տագնապէն:
Իր կարգին, Ապտոլլահեան հաստատեց, որ Իրան նեցուկ պիտի կանգնի եւ պիտի զօրակցի Լիբանանին` բոլոր պայմաններուն մէջ: «Իրան կը փափաքի Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւել եւ ամէն գետնի վրայ զանոնք աշխուժացնել», շեշտեց ան:
Ապտոլլահեան այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ապտոլլահեան այցելեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի` ներկայութեամբ դեսպան Ամանիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի, Պաղեստինեան իշխանութեան եւ ամբողջ շրջանին վերաբերող զարգացումները, Իսրայէլի մէջ «փտածներու եւ ծայրայեղներու հաւաքածոյով կազմուած կառավարութենէն» բխած սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան դիրքորոշումները եւ կեցուածքները` շրջանային այս զարգացումներուն դիմադրելու առումով:


