Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Սինիորա յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի տարբեր գործընթացներու սեմին` աւելցնելով, որ աշխարհը խճողուած է շատ մը հարցերով, որոնց կողքին Լիբանանի կարեւորութիւնը հետզհետէ կը նուազի:
«Պէտք է մենք մեր համբերութեան կառչելով փորձենք մեզի մտահոգող հարցերուն լուծումները գտնել: Արտաքին աշխարհէն լուծումներ պէտք չէ սպասել, որովհետեւ Լիբանան համաշխարհային ռատարի պաստառին վրայ չ՛երեւիր այլեւս», ըսաւ ան:
Սինիորա հաստատեց, որ ինք համոզուած է, որ Լիբանան կրնայ իմաստուն կերպով լուծել իր տագնապները, ինչպէս նաեւ յանձնառու մնալ, որ հանրային շահերը ապահովուին եւ տնտեսութիւնը փրկուի:
Ան նշեց, որ երկիրը ընկերութիւն մը չէ, որ սնանկանայ, այլ անիկա յարատեւող գոյացութիւն մըն է, որուն հարցերը ճիշդ կերպով լուծելու պարագային լաւ ապագայ կ՛ունենայ: «Լիբանանցիներուն մօտ կայ հիմնական հարց մը, որն է յաջորդ օրուան նկատմամբ անվստահութիւնը», աւելցուց ան:
Պըրրիի այցելեց նաեւ դրամատուներու քննչական միութեան նախկին նախագահ Սամիր Համմուտ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան Ա. փոխկառավարիչ Ուասիմ Մանսուրի: