Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Հաստատեց Կառավարութեան Գումարելիք Յաջորդ Նիստին Օրինաթիւի Գոյութիւնը

January 14, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ կառավարութեան նիստերը գումարելու հակասահմանադրական իրողութեան, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կառչած կը մնայ կառավարութեան այլ նիստ մը գումարելու գաղափարին` պնդելով, որ ելեկտրականութեան մարզին առ հաշիւ գումար մը տրամադրելու համար կառավարութիւնը կարիքը ունի գումարելու նիստ մը:

Ան շեշտեց նաեւ կառավարութեան գումարելիք յաջորդ նիստին օրինաթիւի գոյութիւնը` վերահաստատելով, որ կառավարութեան գումարելիք նիստին հիմնական օրակարգը պիտի ըլլայ ելեկտրականութեան մարզը:

Կը նախատեսուի, որ նախարարաց խորհուրդը իր նիստը գումարէ երկուշաբթի կէսօրին կամ երեքշաբթի առաւօտեան:

Նշենք, որ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդումը:

Միքաթիի այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն: Քննարկուեցան լիբանանեան բանակին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի տնօրէն Ժան Քրիսթոֆ Քարէ, որ վարչապետի պաշտօնակատարին հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամատան ֆինանսաւորած ծրագիրները, որոնց մաս կը կազմեն նաեւ 25 միլիոն տոլար հաշուող ուսումնական ու կրթական մարզին տրամադրուած օժանդակութիւնները:

Կը նախատեսուի, որ Միջազգային դրամատունը մէկ միլիոն տոլար յատկացնէ նաեւ ելեկտրականութեան մարզին, որպէսզի ելեկտրականութեան ընկերութեան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկուին, վերատեսութեան ենթարկուի ելեկտրականութեան ընկերութեան ճշդելիք ելեկտրական հոսանքի սակը, յստականայ անոր նիւթական հաշուեկշիռը, ինչպէս նաեւ կազմուի ելեկտրականութեան մարզը տնօրինելու կազմակերպիչ խորհուրդը:

Քարէ յայտնեց նաեւ, որ Միջազգային դրամատունը «Աման» ընկերային օժանդակութեան ցանցին պիտի տրամադրէ այլ վարկ մը:

Նախորդը

Պայրամ. «Համաձայնեցանք Սեփական Մարզին Ամսական Աշխատավարձը 1 Միլիոն 900 Հազար Լ. Ոսկիով Աւելցնել»

Յաջորդը

«Լիբանանեան Քաղաքական Բոլոր Ուժերուն Երկխօսութեան Կոչ Կ՛ուղղենք` Հանրապետութեան Նոր Նախագահը Ընտրելու» Շեշտեց Ապտոլլահեան

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.