Աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբին հետ, որմէ ետք յայտնեց, թէ հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է սեփական մարզին մէջ աշխատողներու ամսական աշխատավարձին կատարուած նախորդ յաւելումներուն վրայ աւելցնել նաեւ 1 միլիոն 900 հազար լ. ոսկի, ինչպէս նաեւ օրական 125 հազար լ. ոսկիի փոխադրածախս տրամադրել:
Պայրամ նշեց նաեւ, որ որոշած են սեփական մարզի պաշտօնեաներուն տրամադրուած դպրոցական նիւթական նպաստները կրկնապատկել:
Պայրամ նշեց, որ ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբին հետ հանդիպումները բաց պիտի պահուին` աւելցնելով, որ դպրոցական նիւթական նպաստները պիտի վճարուին 2023-ի սեպտեմբերին:
Միւս կողմէ, Պայրամ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին իրենց մասնակցութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է ելեկտրականութեան թղթածրարին, եւ կոչ ուղղեց, որ լիբանանցիները պատնէշի տեղ չօգտագործուին:


