Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 18, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 48.400 լ. ոսկի է:

Ուժանիւթի նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 12.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 12.000 լ. ոսկիով, մազութը` 9000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 10.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 836.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 858.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 890.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 531.000 լ. ոսկի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդունեց փոփոխութեան երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ընդգծելով հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան առաջնահերթութիւնը: Խալաֆ նկատել տուաւ, որ իրենք տակաւին կ՛ապրին օրէնքի երկրին մէջ եւ կառչած կը մնան անոր գործադրութեան: Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ կը կրեն վառելանիւթի նաւերը Լիբանան մօտեցնելու պատասխանատուութիւնը: Ան հաստատեց, որ այս հարցին լուծումը պէտք չէ քաղաքական քինախնդրութեան կապել` աւելցնելով, որ ինք հպարտ է իր յայտարարութիւններով:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Հատիտը, որուն հետ քննարկեց դատական իշխանութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ պէտք է համախոհութիւն գոյացնել հանրապետութեան այնպիսի նախագահի մը շուրջ, որ կը գոհացնէ արտաքին աշխարհն ու ներքին լիբանանեան կեանքը, որպէսզի Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը կարելի ըլլայ վերականգնել:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա հաստատեց, որ կառավարութեան գումարելիք նիստը հակասահմանադրական է` վերահաստատելով, որ առանց հանրապետութեան նախագահի գոյութեան կառավարութիւնը նիստ չի կրնար գումարել:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա զգուշացուց քաղցկեղի եւ մահացու հիւանդութիւններու դեղորայքին տրամադրուած նպաստին վերջ տալու փորձերէն: Ան շեշտեց, որ իրենք հիւանդներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն հետ փողոց պիտի իջնեն` նման որոշում մը տալու պարագային:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Հալիմա Քաաքուր` ներկայութեամբ փոփոխութեան երեսփոխաններ Ֆիրաս Համտանի եւ Իպրահիմ Մնայմնէի, կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, թէ իրենք կը մերժեն կրթութեան մարզին վերաբերող կիսատ լուծումները եւ կը պահանջեն հետաքննութիւն բանալ տրամադրուած կրթական նպաստներուն եւ վարկերուն վերաբերեալ:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մարզի Մինայի պաշտօնեաները երէկ կատարեցին բողոքի ցոյց մը` իրենց ամսական աշխատավարձերը ստացած չըլլալուն պատճառով: Պաշտօնեաները ընդգծեցին, որ պիտի դիմեն մագլցողական քայլերու, որովհետեւ իրենք կարեւոր մարզի մը պաշտօնեաներն են:

ՏԵՂԱՑԱԾ առատ ձիւնին պատճառով Աքուրա-Հատաս-Պաալպեքի եւ Քֆարտըպիան-Հատաս-Պաալպեքի, ինչպէս նաեւ Այնաթա-Արզի ճամբաները կը մնան փակ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց երեսփոխան Ղասսան Հասպանի, այցելեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Էնտրու Պառնզի, որուն հետ քննարկեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարն ու անոր հետաքննութիւնը միջազգայնացնելու հաւանականութիւնը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ելեկտրականութեան հարցը դժուար է եւ փշոտ` փտածութեան պատճառով, իսկ պահանջուածը Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութիւնն է, լիբանանեան համակարգն ու դրուածքը փոխող որեւէ առաջարկէ առաջ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպան Իլ Փարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պիպլոս-Պէյրութ

Յաջորդը

Եւրոպական Դատական Պատուիրակութիւնը Հանդիպումներ Ունեցաւ Օուէյտաթի Եւ Անտարիի Հետ

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի  Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի  Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած  Մնալու Իրենց Հողին
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած Մնալու Իրենց Հողին

Մայիս 15, 2025
Ֆատլալլա. «Դիմադրող Հըզպալլան Լիբանանեան  Ժողովուրդի Մէկ Հիմնական Մասն Է, Եւ Որեւէ Ուժ  Չի Կրնար Ազդել Անոր Ներկայութեան Վրայ»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Դիմադրող Հըզպալլան Լիբանանեան Ժողովուրդի Մէկ Հիմնական Մասն Է, Եւ Որեւէ Ուժ Չի Կրնար Ազդել Անոր Ներկայութեան Վրայ»

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?