Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ իր նպատակն է ելեկտրական հոսանքին մատակարարումը աւելցնել, ինչպէս նաեւ այդ հոսանքին համար գանձուելիք գումարները բարձրացնել, որպէսզի ելեկտրականութեան մարզը առողջ հիմերու վրայ վերակառուցուի:
Ան շեշտեց, որ իր ներկայացուցած նախաձեռնութիւնը ամբողջական է եւ ոչ թէ ելեկտրականութեան մարզի շտապ բարելաւման անցողակի ծրագիր մը: «Անիկա ընդհանուր ծրագիրի ձեւաչափ ունի, բան մը, որ կարելի է օգտագործել նաեւ այլ թղթածրարներու պարագային, ինչպէս նաեւ կը մնայ սահմանադրութեան յարկին տակ եւ ընդվզում պատճառող քաղաքականութենէ հեռու», ըսաւ ան:
Ֆայեատ նկատել տուաւ, որ նախագահական դատարկութեան փուլը եթէ շարունակուի, ապա պիտի հարուածէ ազգային գործընկերութիւնը` հաստատելով, որ իրենց նպատակն է այդ գործընկերութիւնը պահպանել:
Ան ընդգծեց, որ իր առաջարկած նախաձեռնութիւնը կառավարութեան նիստի կարիք չունի իրագործուելու սկսելու համար, այլ 62 միլիոն տոլար առ հաշիւ գումարի, որպէսզի կազ օյլի նաւերը կարենան իրենց ապահոված վառելանիւթը պարպել, 45 միլիոն տոլարի այլ հաշիւ մը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկու նաւ ֆիուլ օյլը պարպել, ինչպէս նաեւ 54 միլիոն տոլար` հոգալու համար ելեկտրականութեան ընկերութիւններուն նորոգութեան եւ ելեկտրականութեան բաշխումին ծախսերը:
«Առաջարկած նախաձեռնութիւնս կարիքը ունի վարչապետին ու բոլոր նախարարներուն վաւերացումին, որպէսզի կարելի ըլլայ առ հաշիւ գումարները ապահովել: Կը մաղթեմ, որ վարչապետի պաշտօնակատարն ու մնացեալ նախարարները համաձայնութիւն յայտնեն այդ ծրագիրին, իսկ ելեկտրականութեան ծառայութեան համար գումարները հաւաքելէ ետք մենք զանոնք կարենանք ուղարկել Կեդրոնական դրամատան, որուն հիման վրայ կարենանք ֆինանսաւորել ելեկտրականութեան մարզին աշխուժացման վերաբերող մնացեալ փուլը` առանց Կեդրոնական դրամատան կարիք ունենալու», եզրափակեց Ֆայեատ: