Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 17, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 48.000 լ. ոսկի է:

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ Պալամանտի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պուխարի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Եուսեֆ Պախաշի հետ քննարկեց յուլիսին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք բժշկական խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները: Նշենք, որ խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն լիբանանցի բժիշկներ` Լիբանանի եւ արտերկրի մէջ բնակող:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստին ընթացքին պէտք է քննարկէ քաղաքապետարաններուն եւ Քաղաքապետական անկախ սնտուկին հարցը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ կրնայ տոկալ ճնշումներուն, եւ անձնաւորութիւն մը, որուն վրայ թշնամի Իսրայէլ չի կրնար գրաւ դնել` անկէ ստորագրութիւն մը կամ Իսրայէլի շահերուն ծառայող կեցուածք մը ապահովելու համար:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով յոյսի նշոյլ մը իսկ չկայ, ո՛չ ալ դրական տուեալ մը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուաժիհ Պաարինի յայտնեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը կարելի պիտի ըլլայ ընտրել միայն խորհրդարանական պլոքներուն համախոհութեամբ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց պատասխանատուութեամբ վարուելու` Լիբանանը փրկելու համար կարգ մը արկածախնդրութիւններէ եւ դաւադրութիւններէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ հիւանդանոցներու սենտիքան յայտարարեց, որ եթէ Կեդրոնական դրամատունը իրենց ամսական 200 միլիառ լ. ոսկի չապահովէ, հիւանդները պիտի ստիպուին իրենց դեղորայքը իրենց գումարներով գնել:

Նախորդը

Ալիեւ Կը Խոստանայ Մեծցնել Ազրպէյճանական Կազի Արտածման Ծաւալները

Յաջորդը

Պայրամ. «Միջազգային Կազմակերպութիւնները Կը Սպառնան Լիբանանի Կառավարութեան` Տեղահանուածներու Տունդարձին Առումով»

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?