Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Սաապ. «Պետութիւնը Պէտք Է Կրէ Բեռը, Իսկ Քեփիթըլ Քոնթրոլի Առումով Վերջնական Տարբերակի Յանգեցանք»

Յունուար 18, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ նախագահեց քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծի քննարկման խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերու նիստին, որուն ընթացքին կարելի եղաւ աւարտել օրինագիծի քննարկումը` զայն ենթարկելով մեծ թիւով բարեփոխումներու, յատկապէս թիւ 11, թիւ 12, թիւ 13 եւ թիւ 14 յօդուածներուն պարագային:

Նիստէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ տուեալ յօդուածներուն վերաբերեալ արձանագրուած խախտումին պարագային տուրքեր պիտի  պարտադրուին:

Պու Սաապ շեշտեց, որ թիւ 12 յօդուածը կը մնայ կարեւորագոյնը, որովհետեւ ան կը վերաբերի դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներու գումարներուն:

Ան նշեց, որ պէտք է նկատի առնուի ամբողջական պատկերը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը տնտեսական իր փորձանքէն դուրս բերել:

Ան մաղթեց, որ ելեւմտական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը իր կարգին կարենայ աւարտել այս օրինագիծին քննարկումը:

Պու Սաապ ընդգծեց, որ ինք լաւատես է այն իրականութեամբ, որ Լիբանանի տնտեսական տագնապը լուծում ունի` աւելցնելով, որ խորհրդարանը իմաստութեամբ պէտք է օրինագիծեր վաւերացնէ եւ դրամատուները պահպանէ:

«Այն օրը, որ դրամատուները իրենց դռները կը փակեն, մենք ամէն ինչ կը կորսնցնենք», ըսաւ ան:

Պու Սաապ շեշտեց, որ լիբանանցիները իրենց գումարները տեղադրեցին դրամատուներուն մէջ, իսկ Կեդրոնական դրամատունը ֆինանսաւորեց երկրին ամավարկերն ու պետական պիւտճէն: «Պետութիւնը պատասխանատուութիւն ունի եւ պէտք է կրէ պատասխանատուութեան իր բեռը: Պետութիւնը ունի ձեւեր եւ միջոցներ` իսկական ներդրումներ կատարելու եւ ծրագիր մշակելու: Առկայ ծրագիրը կը ներկայացնէ իր կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կան ստեղծագործ միտքեր, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքները վերադարձնել», շեշտեց Պու Սաապ:

Ան շեշտեց, որ քննարկումը շինիչ էր, եւ կարելի եղաւ քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծին մասին վերջին տարբերակի մը յանգիլ:

Նշենք, որ փոփոխութեան երեսփոխան Մարք Տաու յայտնեց, որ խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերը աւարտեցին քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծին քննարկումը, սակայն ոմանք տակաւին կը մերժեն դրամատուներուն դատավարութիւնը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը իր պաշտօնին վրայ պահելու համար բարեփոխումներ կատարելու կարելիութիւնը:

Տաու ընդգծեց, որ քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծը պէտք չէ վաւերացուի առանց զայն ուղղակիօրէն առնչելու դրամատնային կառոյցին եւ ելեւմտական ապաքինումը վերահաստատող օրէնքին հետ:

 

Նախորդը

Եւրոպական Դատական Պատուիրակութիւնը Հանդիպումներ Ունեցաւ Օուէյտաթի Եւ Անտարիի Հետ

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Հակասահմանադրական Իր Երկրորդ Նիստը

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Մայիս 14, 2025
«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը  Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ  Վստահութեան Վերականգնումն Է»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ Վստահութեան Վերականգնումն Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Մայիս 14, 2025
Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու  Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ  Ձեռքբերումները Արձանագրելու»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ Ձեռքբերումները Արձանագրելու»

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?