Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայրամ. «Միջազգային Կազմակերպութիւնները Կը Սպառնան Լիբանանի Կառավարութեան` Տեղահանուածներու Տունդարձին Առումով»

January 17, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ պաշտօնեաներուն նուազագոյն աշխատավարձը ճշդելու աշխատանքը ունի իր չափանիշները` աւելցնելով, որ իրենք կը գտնուին փորձանքի մը դիմաց` նկատի ունենալով ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին ստեղծած անկայուն վիճակը:

Ան նշեց, որ նկատի ունենալով, որ չեն կրնար պաշտօնապէս նուազագոյն աշխատավարձ ճշդել, կ՛ուղղուին դէպի այլընտրանք եւ կը փորձեն համաձայնութիւններ գոյացնել գործատէրերուն, Տնտեսական խորհուրդներուն եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան հետ:

Պայրամ նկատել տուաւ, որ այս շրջագիծին մէջ միջազգային կազմակերպութիւններուն դերակատարութիւնը հարցականներ կը ստեղծէ` սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձին առումով: «Իբրեւ աշխատանքի նախարար ճշդած եմ 126 պաշտօններ, որոնք միայն լիբանանցիները կրնան ստանձնել, սակայն այս որոշումին շրջանցումներ կը կատարուին` միջազգային կազմակերպութիւններուն մեղսակցութեամբ:

Միջազգային կազմակերպութիւնները կը սպառնան Լիբանանի կառավարութեան եւ յստակօրէն կը շեշտեն, թէ տեղահանուածները վերադարձնելը արգիլուած է», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով կառավարութեան հրամանագիրները ստորագրելու լիազօրութիւններուն` Պայրամ հաստատեց, որ ո՛վ որ կը փափաքի ստորագրել, թող ստորագրէ, «որովհետեւ կարեւորը ժողովուրդի շահերուն ապահովումն է: Մենք կը յարգենք հանրապետութեան նախագահութիւնն ու վարչապետութիւնը, սակայն երբ հարցը կը վերաբերի ժողովուրդի շահերուն, ապա անոնք մեզի համար գերազանցելի են», հաստատեց ան:

Պայրամ նկատել տուաւ նաեւ, որ պետական մարզի պաշտօնեաները ամէնէն անիրաւուածներն են` աւելցնելով, որ ինք այս հարցը պիտի քննարկէ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի հետ, որպէսզի պետական պաշտօնեաներուն նաեւ օրական 125 հազար լ. ոսկիի փոխադրածախս տրամադրուի, այնպէս ինչպէս էր պարագան սեփական մարզի պաշտօնեաներուն:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ֆայեատ. «Առաջադրելիք Նախաձեռնութիւնս Ամբողջական Է Եւ Կարիքը Ունի Վարչապետին Ու Բոլոր Նախարարներուն Վաւերացումին»

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.