Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ Նախագահին Չափանիշները Կը Ճշդուին, Իսկ Պէյրութի Մէջ Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Այլ Նիստ Մը

January 17, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ Փարիզի մէջ կը պատրաստուի, մինչեւ յունուարի աւարտ, գումարել քառակողմ նիստ մը` Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի մասնակցութեամբ` Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին եւ կառավարութեան  չափանիշները ճշդելու համար, երկրին ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը վաղը` չորեքշաբթի, 18 յունուար 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 7 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Նշենք, որ կառավարութեան գումարելիք նիստին վերաբերեալ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի առաւելագոյն չափով համաձայնութիւն յայտնեց` շեշտելով, որ ինչ ալ ըլլայ իրավիճակը, քաղաքական այս կամ այն խմբաւորումին համար երկիրը պէտք չէ սառեցնել եւ ժողովուրդին հարցերը պէտք է լուծել:

Միւս կողմէ, լիբանանցին կը շարունակէ երկիրը խեղդող տագնապներուն, յատկապէս տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներուն ծովուն մէջ իր գլուխը վեր պահել եւ փորձել ծփալ` գոյատեւելու նպատակով:

Բայց եւ այնպէս կիրակի գիշեր Պեքաայի Թալ Շիհա շրջանի հիւանդանոցին մէջ արձանագրուեցաւ ոտնձգութիւն մը, որուն ընթացքին հիւանդի մը հարազատները յարձակեցան հիւանդանոցին վրայ եւ քանդեցին զայն, ինչպէս նաեւ յարձակեցան հիւանդանոցի անձնակազմին վրայ:

Առողջապահութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա խստիւ դատապարտեց յարձակումը` հաստատելով, որ տագնապին տարողութիւնը մեծ է, եւ իրենք կ՛ըմբռնեն դժուարութիւնները, «սակայն նման վարուելակերպով մենք կը մղենք, որ բժիշկներն ու բժշկական անձնակազմերը արտագաղթեն, հետեւաբար երկրի եւ քաղաքացիներուն առողջապահութեան հսկող իւրաքանչիւր բժիշկի կամ հիւանդապահի դէմ բռնարարք գործող իւրաքանչիւր անհատ հաշուետուութեան պէտք է ենթարկուի», ըսաւ ան:

Թալ Շիհայի հիւանդանոցին տնօրէնութիւնը իր կարգին դատապարտեց պատահարը, միաժամանակ հաստատելով, որ հիւանդանոցը պիտի շարունակէ մարդասիրական իր ծառայութիւնները:

Նշենք, որ Կեդրոնական դրամատան մէջ երէկ ժողով մը գումարուեցաւ, սակայն անկէ որոշումներ եւ շրջաբերականներ չհրապարակուեցան:

Ժողովին հետեւող աղբիւրներ հաստատեցին, որ քննարկումները կեդրոնացած են լիբանանեան դրամանիշը յաւելեալ արժեզրկումէ փրկելու միտող միջոցներուն վրայ:

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Արտաքին Աշխարհէն Լուծումներ Պէտք Չէ Սպասել» Շեշտեց Սինիորա

Յաջորդը

«Մենք Չենք Հասկնար Ազրպէյճանի Նախագահի Քննադատութիւնը» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի Նախագահը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.