Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Լիբանանի մէջ գործող միջազգային հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Նիստէն ետք Ալամէ յայտնեց, որ այս հանդիպումը հիմնական էր եւ կարեւոր` սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը քննարկելու առումով:
Ալամէ նկատել տուաւ, որ այս նիստը մաս կը կազմէ այն հանդիպումներու շարքին, որ յանձնախումբը կ՛ունենայ` որդեգրելու համար յանձնառութիւններ եւ զանոնք ներկայացնելու համար գործադիր իշխանութեան` կատարելու համար պէտք եղածը:
Ալամէ նկատել տուաւ, որ իրենց նպատակն էր հանդիպիլ Լիբանանի մէջ գործող միջազգային հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ` իմանալու համար անոնց գործունէութեան ու աշխատանքին բնոյթը, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներուն կատարած անոնց օժանդակութիւններուն տեսակն ու տեղահանուածներուն գծով անոնց ունեցած դերակատարութիւնը` կրթութիւն, բժշկական խնամք, բնակութեան վայր, ջուր եւ ելեկտրականութիւն ապահովելու իմաստով:
Ալամէ նշեց, որ քննարկուած են նաեւ այդ կազմակերպութիւններուն եւ շրջանին մէջ գործող քաղաքապետարաններուն միջեւ յարաբերութիւնները:
Ալամէ յայտնեց նաեւ, որ ներկայացուցիչներուն հարց տուած են Լիբանանի մէջ գտնուող տեղահանուածներու գաղթակայաններուն պաշտօնական եւ անպաշտօն թիւերուն մասին:
«Հանդիպումի ընթացքին կեդրոնացանք ներկայացուցչութեան դերակատարութեան, անոր աշխատանքներուն եւ լիբանանեան պետութեան հետ անոր յարաբերութեան քննարկումին վրայ: Լիբանանեան բանակին, Ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցի ներկայացուցիչներուն ներկայութեան ի յայտ եկաւ, որ այդ կազմակերպութիւններուն հետ գործակցութիւնը այդքան ալ հեզասահ չէ եւ անլրջութիւն մը կայ, «ինչ որ վտանգաւոր է», ըսաւ Ալամէ:
Ան նկատել տուաւ, որ իրենց մօտ կան թիւեր, թէ տեղահանուածներու թիւը աւելի քան երկու միլիոն է, կամ երկու միլիոն երկու հարիւր հազար, մինչդեռ միջազգային հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները կը հաստատեն, որ տեղահանուածներու թիւը շատ աւելի նուազ է:
Ալամէ նկատել տուաւ նաեւ, որ իմացած են, թէ կան շուրջ 116 կազմակերպութիւններ, որոնք տարբեր ծրագիրներով կը գործեն Լիբանանի մէջ: «Հարց տուինք անոնց աշխատանքին հետեւողականութեան եւ այդ աշխատանքը զսպելու մասին, եւ պատասխաններ չստացանք: Հետեւաբար մանրամասն տեղեկագիրներ պահանջեցինք հանդիպումին ներկայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէն` իրենց կատարած աշխատանքներուն մասին», ըսաւ ան:


