Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Քարամէն Եւ Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Փետրուար 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Արժանապատուութիւն հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Քարամէ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան համար նիստին պէտք է ներկայ գտնուի խորհրդարանին երկու երրորդը` աւելցնելով, որ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութիւնը հիմնական մուտքն է` երկրին բոլոր տագնապները լուծելու, որովհետեւ կը պաշտպանէ իսլամ-քրիստոնեայ փոխադարձ գործակցութիւնը:

Քարամէ հաստատեց, որ իրենք յանձնառու են, որ հանրապետութեան նախագահին պաշտօնը շարունակէ մնալ ազգային պաշտօն մը, որովհետեւ հանրապետութեան նախագահութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն է եւ ոչ ոքի մենաշնորհը կրնայ նկատուիլ:

Ան նկատել տուաւ, որ նախագահութիւնը ամբողջ հայրենիքին կը պատկանի եւ ոչ թէ այս կամ այն համայնքին:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի:

Պատուիրակութեան անունով Ռաժի Սաատ յայտնեց, թէ հանրապետութեան նոր նախագահի թեկնածուի մը շուրջ համախոհութիւն չկայ` աւելցնելով, որ կան թեկնածուներու անուններ, որոնց մէջ առկայ է բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի անունը, եւ ան կը գտնուի առաջնահերթ դիրքի վրայ` շնորհիւ տարբեր պլոքներու միջեւ կայացած հանդիպումներուն եւ խորհրդակցութիւններուն:

Սաատ նշեց, որ Ռայի պատրիարքը այս իմաստով կեցուածք չէ ճշդած, ո՛չ ալ այս կամ այն անունը առաջնահերթ նկատած է:

Ան դիտել տուաւ, որ ցարդ ոչ մէկ թեկնածու 65 քուէ ապահոված է:

Սաատ հաստատեց, որ իրենք համաձայն են Ռայի պատրիարքին այն կեցուածքին, որ պէտք է կառչած մնալ Թաէֆի համաձայնագիրին, ազգային միասնականութեան, ինչպէս նաեւ մերժել համերաշխութեան եւ համակեցութեան չափանիշները երաշխաւորող Ազգային ուխտին հետ հակադրուող ծրագիրները:

 

Նախորդը

Ընդհանուր Ապահովութեան Կառոյցը Ձախողեցուցած Է Ահաբեկչական Գործողութիւններու Շարք Մը

Յաջորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտեց Փեշաուարի Ահաբեկչական Գործողութիւնը

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?