Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ. «Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Համաձայնութիւնը Հիմնական Անցք Է` Բարելաւելու Լիբանանի Տնտեսութիւնը» Շեշտեց Փիեռ Տուիքան

February 3, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի կատարուած միջազգային օժանդակութեան համադրող, դեսպան Փիեռ Տուիքան երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Պէյրութ, ուր ան պիտի ունենայ շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին պիտի սերտուին Լիբանանի ուժանիւթի մարզի բարելաւման Ֆրանսայի զօրակցութեան ձեւերն ու միջոցները:

Այս շրջագիծին մէջ, Տուիքան պիտի քննարկէ նաեւ Եգիպտոսէն բնական կազը, իսկ Յորդանանէն ելեկտրականութիւնը Սուրիոյ վրայով Լիբանան փոխադրելու կարելիութիւնները:

Նշենք, որ Տուիքան երէկ այցելեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց ուժանիւթի մարզին վերաբերող հարցեր, որոնց լոյսին տակ ան շեշտեց, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին ինք պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներ, ուր ամերիկացի պատասխանատուներու հետ պիտի քննարկէ այն միջոցները, որոնք պէտք է որդեգրուին Լիբանանի ելեկտրականութեան թղթածրարը բացառելու «Սիզըր» պատժամիջոցներէն, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին դիմագրաւած ելեկտրականութեան տագնապը լուծել:

Տուիքան շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է կատարէ Միջազգային դրամատան կողմէ պարտադրուած զոյգ նախապայմանները, որոնց հիման վրայ Ելեկտրականութեան ընկերութեան հաշիւները պէտք է իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկուին, ինչպէս նաեւ պէտք է կազմուի Ելեկտրականութեան մարզը տնօրինելու կազմակերպական խորհուրդ մը:

Տուիքան հաստատեց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ վերջնական համաձայնագիրը ստորագրելու` աւելցնելով, որ այդ համաձայնութիւնը հիմնական անցք է` բարելաւելու Լիբանանի տնտեսութիւնը, ինչպէս նաեւ վերահաստատելու միջազգային վստահութիւնը` Լիբանանին, անոր հաստատութիւններուն եւ կառավարութեան նկատմամբ:

Կը նախատեսուի, որ Տուիքան հանդիպումներ ունենայ նաեւ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամիի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարներ Ուալիտ Ֆայեատի եւ Եուսեֆ Խալիլի, ինչպէս նաեւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէն Քամալ Հայեքի, ինչպէս նաեւ Պէյրութի մէջ Միջազգային դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտի ներկայացուցիչներուն հետ:

Տուիքան պիտի քննարկէ ելեկտրականութեան մարզին պարագային մեկնարկած բարեկարգումները` շեշտելով, որ Ֆրանսա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որ Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան մարզի բարելաւումը իրականութիւն դառնայ:

Տուիքան հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէի հետ` քննարկելու համար Պէյրութի նաւահանգիստը վերակառուցելու հեռանկարները:

Նախորդը

Ռապիէի Մէջ. Միշել Աուն Ընդունեց Հըզպալլայի Պատուիրակութիւն Մը

Յաջորդը

Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերը Կոչ Ուղղեցին Քրիստոնեայ Երեսփոխաններուն Պքերքէի Մէջ Ձեռնարկելու Նախագահական Ընտրութեան Նախաձեռնութեան Մը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.