Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռապիէի Մէջ. Միշել Աուն Ընդունեց Հըզպալլայի Պատուիրակութիւն Մը

February 3, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին երեսփոխաններ Հիւսէյն Հաժ Հասան, Ամին Շըրրի, Ալի Ամմար եւ Հասան Ֆատլալլա:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց ազգային համագործակցութեան, պետութեան կազմութեան ծրագիրը շարունակելու, փտածութեան դէմ պայքարելու եւ քաղաքացիներուն իրաւունքները ապահովելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Ռաատ նշեց, որ Աունի հետ հանդիպումը եղած է մտերմիկ` աւելցնելով, որ անոր փոխանցած են Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Հըզպալլայի ղեկավարութեան ջերմ ողջոյնները:

Ռաատ հաստատեց, որ հանդիպումին ընթացքին շեշտած են իրենց խոր յարգանքը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ անխախտ եւ հաւասարակշռուած յարաբերութիւններուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղած է ամրապնդել ազգային համագործակցութիւնը, պաշտպանել քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ հզօրացնել ազգային գերիշխանութիւնը` յանձնառու մնալով «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազին:

Ռաատ նշեց, որ այս բոլորին շնորհիւ կարելի եղաւ Լիբանանը հեռու պահել հաւատադրժողական ահաբեկչութեան եւ իսրայէլեան յարձակումներու ու ոտնձգութիւններու վտանգներէն:

Ռաատ նկատել տուաւ, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ յարաբերութիւնը յարմար մթնոլորտ ստեղծած է պետականութիւն ստեղծելու ծրագիրը յաջողցնելու` ըստ Ազգային ուխտին, եւ այդ մէկը շատերուն համար անհաճոյ էր:

«Այսօր միայն չորս օր առաջ ենք 6 փետրուար 2006-ին Մար Մըխայէլ եկեղեցւոյ մէջ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրի 17-րդ տարեդարձէն: Կը հաստատենք այս համաձայնագիրին նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը, որ հիմնուած է ազգային հարցերը քննարկելու եւ երկխօսութեան վերածելու, ինչպէս նաեւ աղմուկէ հեռու փոխըմբռնումի մթնոլորտով առաջնորդուելու փոխադարձ անկեղծութեան, յստակութեան եւ քաջութեան վրայ», ըսաւ ան:

Ռաատ շեշտեց, որ Լիբանան այսօր կարիքը ունի, որ վերոնշեալ հիմքերով ու բոլորին ջանքերով կարելի ըլլայ լուծել տագնապները եւ սկսիլ ազատ, անկախ, գերիշխան ու աշխարհին հանդէպ բաց պետութեան կառուցումը` փոխադարձ յարգանքի եւ միացեալ շահերու հիման վրայ:

 

Նախորդը

Զօր. Աուն Ընդունեց Պուխարին

Յաջորդը

Պէյրութի Մէջ. «Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Համաձայնութիւնը Հիմնական Անցք Է` Բարելաւելու Լիբանանի Տնտեսութիւնը» Շեշտեց Փիեռ Տուիքան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.