Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 4, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 64.500 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի զոյգ սակացոյցեր` առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին: Զոյգ սակացոյցերուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.200.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.227.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.217.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 761.000 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շեշտեց, որ Լիբանանը հաշուի պիտի առնուի, երբ հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, պետութեան հեղինակութիւնը ամրապնդուի եւ պետական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը աշխուժանայ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամը, որուն հետ քննարկեց տնտեսական կացութեան վերաբերող հարցեր: Սալամ յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբթուընէ սկսեալ սննդեղէնի սակերը ամերիկեան տոլարով պիտի ճշդուին: Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուել: Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը Քոուելին ներկայացուց Բրիտանիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ այսօրուան պատահարները կը նպատակադրեն Լիբանանի դիմագիծը փոփոխութեան ենթարկել` ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնն ու տնտեսութիւնը սպաննելու փորձերուն ընդմէջէն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ ինք ապահովութեան ուժերու շարքերուն մէջ ծառայած է` աւելցնելով, որ լաւ գիտէ, թէ այն զօրութիւնը, որ կը վերագրուի Հըզպալլայի, վերացական է եւ չափազանցուած:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Քոհեն Վերվաքի եւ Փաքիստանի դեսպան Սալման Աթհարի հետ քննարկեց երկրին զարգացումներն ու քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապներուն լուծման միջոցներն ու կարելիութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ յարաբերութիւնները շատ աւելի խոր են, քան` անցողիկ տարակարծութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ հարց տուաւ, որ արդեօք ամերիկեան տոլարի խաղն ու դատական իշխանութեան ստեղծած խենթ կացութիւնը բեմագրութիւննե՞ր են, որոնք կրնան աշխուժացնել ապահովութիւն ունենալու կարիքը` ինքնաբերաբար բանակի հրամանատարը ընտրելով հանրապետութեան նախագահ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Ղասսան Սքաֆը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ իրենք հայրենիքի իրենց նուիրեալներուն հետ պիտի գործեն` ըստ սահմանադրութեան  նախագահական ընտրութիւնը յաջողցնելու նպատակով:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Պիտի Միանայ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Հռչակագիրի Մահապատիժի Արգիլման Արձանագրութեան

Յաջորդը

«Ֆարահ» Ցուրտի Ալիքը Իր Ուժգնութեան Գագաթնակէտին Կը Հասնի Կիրակի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.