Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերը Կոչ Ուղղեցին Քրիստոնեայ Երեսփոխաններուն Պքերքէի Մէջ Ձեռնարկելու Նախագահական Ընտրութեան Նախաձեռնութեան Մը

Փետրուար 3, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, նախանցեալ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Ներկայ էր նաեւ Միացեալ Արաբական Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Օմանի թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան:

Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ներկայ իրադարձութիւնները, սկսեալ` ընկերային եւ տնտեսական կացութենէն, հասնելով մինչեւ քաղաքական ճնշող տագնապը: Հանդիպումէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կ՛անդրադառնայ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն մտահոգութեան` երկիրը յուզող ընկերային եւ տնտեսական տագնապին մասին, սննդեղէնի եւ կեանքի տարրական կարիքներու իրենց պէտքերը չկարենալ հոգալու  լիբանանցիներուն դիմագրաւած զրկանքին, լիբանանեան դրամանիշի արձանագրած անկումին, ինչպէս նաեւ անգործութեան համեմատութեան բարձրացումին:

«Նման վտանգաւոր կացութեան մէջ կարելի չէ գոյատեւել», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը պահանջեցին լիբանանեան պետութեան պատասխանատուներէն լուծումներ գտնել այդ տագնապներուն` աւելցնելով, որ կարելի չէ ընդունիլ երկրին պատասխանատուներուն կողմէ անտեսումն ու փտածութիւնը, որովհետեւ անիկա կը մղէ, որ լիբանանցի ընտանիքներ, յատկապէս` նորահաս սերունդը, արտագաղթի դիմեն եւ կամ ուղղուին փողոց` բողոքի ձայն բարձրացնելու եւ իրենց իրաւունքները պահանջելու:

Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ երեք ամիսէ ի վեր նախագահական աթոռը կը մնայ թափուր, որովհետեւ խորհրդարանը կը ձախողի հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել:

«Այս իրականութիւնը կտրականապէս մերժելի է եւ երկրին սահմանադրութեան էութեան, ինչպէս նաեւ գերիշխանութեան, անկախութեան եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ երեսփոխաններուն ստանձնած պատասխանատուութեան հետ կը հակադրուի: Ոչ ոքի արտօնուած է հայրենիքի ճակատագիրը վտանգի ենթարկել: Լիբանանեան գոյացութեան հիմքն ու անոր զօրութեան իւրայատուկ աղբիւրը իսլամ-քրիստոնեայ ազգային համագործակցութիւնն է, եւ մենք գրեթէ վստահ ենք, որ այս իմաստով իսլամ հոգեւոր պետերը եւս կը զօրակցին մեզի:

«Այս շրջագիծին մէջ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը խորհրդարանէն կը պահանջեն արագացնել ազգային իր պարտականութիւնը եւ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը:

Անոնք Ռայի պատրիարքին կը վստահին, որ իրենց ժողովէն բխած հաղորդագրութեան բովանդակութեան համապատասխան քայլերու ձեռնարկէ եւ քրիստոնեայ երեսփոխանները հրաւիրէ հանդիպումի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Պքերքէի մէջ` միասնաբար ձեռնարկելու եւ իսլամ երեսփոխաններու հետ գործակցելու` նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութեան մը իրագործման համար», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, ակնարկելով քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումէն բխած հաղորդագրութեան, յայտնեց, որ անիկա խոստմնալից է նախագահական ընտրութեան տագնապին լուծման գծով դռներ բանալու առումով` ազգային համագործակցութեան եւ հաւասարակշռութեան տարազին հիման վրայ:

Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս անդրադառնալով այդ հրաւէրին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց հետեւեալը. «Ռայի պատրիարքը մեզի չէ կարօտցած, որովհետեւ միշտ կ՛այցելենք իրեն: Երբ մեզի կը յղուի նման հրաւէր մը, կը սերտենք անոր ընդգրկելիք օրակարգը եւ ըստ այնմ կ՛որոշենք, թէ նման հանդիպում մը օգտակար կ՛ըլլա՞յ` սահմանադրական գործընթացներ իրականացնելու: Այլապէս կը մերժենք բարձրանալ Պքերքէ` լուսանկարուելու եւ մեկնելու նպատակով»:

 

 

Նախորդը

Պէյրութի Մէջ. «Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Համաձայնութիւնը Հիմնական Անցք Է` Բարելաւելու Լիբանանի Տնտեսութիւնը» Շեշտեց Փիեռ Տուիքան

Յաջորդը

Յ. Բագրատունի Կ՛ողջունէ Պքերքէի Հրաւէրը` Հաստատելով, Որ ՀՅԴ-ն Պիտի Ըլլայ Առաջին Ընդառաջողը

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?