Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամի, ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատարներ Եուսեֆ Խալիլ եւ Ամին Սալամ:
Նիստին աւարտէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Քանաան յայտնեց, թէ յանձնախումբը շարունակած է քննարկել ելեւմտական համակարգը վերստին հակակշռելու օրինագիծը, եւ այդ քննարկումի լոյսին տակ հաստատած է, որ յանձնախումբին պէտք է տրամադրել պաշտօնական եւ վերջնական թիւեր ու տուեալներ:
Քանաան շեշտեց, որ նիստին ընթացքին ինք կառավարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան հարց տուած է իրաւական հաշուեքննութեան մասին: Ան շեշտեց, որ ցարդ իրենց հասած բոլոր գումարները կը մնան ենթադրեալ գումարներ:
«Երբ հարց տանք դրամատուներուն մէջ գումար ունեցող քաղաքացիներուն մասին, իրարանցում կը ստեղծուի, իսկ եթէ այս օրինագիծը դրամատուներուն մէջ գումար ունեցող քաղաքացիներու իրաւունքները վերադարձնելու միտումով չի կատարուիր, ապա ինչո՞ւ այդ օրինագիծը պէտք է խորհրդարան հասած ըլլայ», ըսաւ ան:
Քանաան շեշտեց, որ պէտք է վերջ տալ ժողովուրդը խաբելու հոլովոյթին եւ նիւթական բացը վերադասաւորել` մեկնելով առաջին իսկ օրէն:
Քանաան ընդգծեց, որ լիբանանցիները կը փափաքին իմանալ իրենց ճակատագիրին մասին` աւելցնելով, որ անոնք կարիքը ունին իսկական պատասխանատուի մը, որ պատասխանատուութիւն ստանձնէ: «Կրակէ այս գնդակը անուղղակիօրէն մեզի կը մօտենայ, մինչդեռ անոր առաջին պատասխանատուն լիբանանեան պետութիւնն է, Կեդրոնական դրամատունն ու դրամատուները: «Պիտի չարտօնենք դրամատուներուն մէջ գումար ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքը զիջիլ գրիչի մէկ հարուածով, որպէսզի պահպանենք մեր վստահելիութիւնն ու Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը», ըսաւ ան:


