Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեփական Դպրոցներու Ուսուցիչներու Սենտիքան Զգուշացման Ընդհանուր Գործադուլ Կը Յայտարարէ Այսօր

February 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքան զգուշացման ընդհանուր գործադուլ յայտարարած է այսօր:

Այդ գործադուլին կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը` հաստատելով, որ իրենք կը զգան, թէ կրթական ներկայ տարեշրջանը վտանգուած է:

Համադաշնակցութիւնը կոչ ուղղեց ուսուցիչներու լիկաներուն` ընդառաջելու գործադուլի այսօրուան կոչին` աւելցնելով, որ Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքային կողմէ զգուշացման գործադուլի այս քայլին պիտի յաջորդեն մագլցողական այլ քայլեր, եթէ անոնց պահանջներուն գոհացում չտրուի:

Մահֆուտ. «Ուսուցիչը Կը Ցաւի Եւ
Դանդաղ Կը Մահանայ»   

Սեփական դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ արձանագրուած էին հետեւեալ հարցերը. «Կ՛ուզէք, որ ուսուցիչը դասարանին մէջ մահանա՞յ, իր աշակերտներուն աչքերուն դիմաց, որովհետեւ ան դեղորայք գնելու կարողութիւն չունի: Կ՛ուզէք, որ ուսուցիչը քալելով դպրո՞ց հասնի, որովհետեւ ան պենզին գնելու կարողութիւն չունի: Կ՛ուզէք, որ հանգստեան կոչուած ուսուցիչը իր բնակարանին մէջ մահանա՞յ, որովհետեւ ան` բժիշկներու սերունդներ պատրաստած ու դաստիարակած նուիրեալը, բժիշկի այցելութեան կարողութիւն չունի»:

Մահֆուտ հարց տուաւ, որ արդեօք իրենց սրտերուն մէջ գտնուող մութը անբաւարա՞ր է, որ պետութեան պատճառով ուսուցիչը իր բնակարանին մութին մէջ նստի, որովհետեւ ելեկտրականութիւն ունենալու գումար չունի վճարելիք: «Տոկալու համար մենք կարիքը ունինք տարրական իրաւունքներու, որոնք այսօր չկան: Երկու կամ երեք միլիոն լ. ոսկիով ինչպէ՞ս կ՛ապրինք: Չէ՞ք կարդար այն վիճակագրութիւնները, որոնք կը հաստատեն, թէ ուսուցիչներուն 75 առ հարիւրը այլ աշխատանքի կը դիմէ: Ինչպէ՞ս դիմագրաւենք այս իրականութիւնը», հարց տուաւ ան:

Մահֆուտ յայտնեց, որ Ժիպէյլի մէջ կան կարգ մը դպրոցներ, որոնք արդէն իսկ գործադուլ յայտարարած են, որովհետեւ ուսուցիչները գոյատեւելու ի վիճակի չեն: «Կը կարծէ՞ք, որ Լեռնալիբանանի եւ Պէյրութի մէջ գտնուող 4-5 դպրոց միայն կը ներկայացնեն ամբողջ Լիբանանը: Հաստատ ո՛չ: Ուսուցիչը կը ցաւի եւ դանդաղ կը մահանայ, եւ անոր հետ պիտի մահանայ ամբողջ մարզը: Եթէ չգիտակցինք այս ճշմարտութեան, ապա կրթութիւնը ոչ եւս պիտի ըլլայ», եզրափակեց ան:

Միւս կողմէ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ սեփական համալսարաններուն բարձրացուցած բողոքը արդար է` ելեւմուտքի նախարարին կողմէ որոշուած սեփական համալսարաններու դասախօսներուն եւ պաշտօնէութեան պարտադրուելիք տուրքերուն գծով:

«Անոնց կողմէ ճիշդ քայլ էր Պետական շուրային մօտ բողոքելն ու ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարին որոշումը վիճարկումի ենթարկելը», ըսաւ Հալապի:

Ան ընդգծեց, որ պէտք է համալսարաններուն եւ ելեւմուտքի նախարարութեան միջեւ երկխօսութեան մը սկսիլ` աւելցնելով, որ «ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարը տրամաբանող անձնաւորութիւն է եւ համալսարանի դասախօս, եւ կը կարծեմ, որ ան հասկացողութիւն պիտի ցուցաբերէ ու որոշումը փոփոխութեան ենթարկէ»:

 

Նախորդը

Լիբանան Հասած Է «Ֆարահ» Ցուրտի Ալիքը

Յաջորդը

Միքաթի. «Մենք Կ՛աշխատինք Ամբողջացնելու Կրթական Թղթածրարը, Որպէսզի Կառավարութիւնը Երրորդ Ժողովի Մը Հրաւիրենք»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.