Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախանցեալ օր Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Ղազի Արիտիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական իրադարձութիւններն ու զարգացումները, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն ու տնտեսական իրավիճակը, յատկապէս` կրթական մարզը յուզող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ի՛նչ ալ ըլլան Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք քառակողմանի հանդիպումէն ակնկալութիւնները, «բան չ՛արգիլեր, որ իրենք հարցը լուծելու փորձ մը կատարեն: Մեր առնելիք քայլը չեմ ուզեր նախաձեռնութիւն կոչել, այլ` քաղաքական եւ հոգեկան անցարգելները խզելու փորձ մը` հասնելու համար համախոհութեան: Այն համախոհութիւնը, որ հանրապետութեան նախագահ ընտրելու յոյս կը ներշնչէ, որովհետեւ մենք չենք կրնար այս կացութեան մէջ մնալ եւ ամէն շաբաթ ուղղուիլ խորհրդարան` սպիտակ կամ ոչ սպիտակ քուէներով ընտրութիւն կատարելու: Նման նիստեր գումարելու ժամանակը աւարտած է. այս կեցուածքը իմ եւ Պըրրիի անունով կը յայտարարեմ», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ նշեց նաեւ, որ ոմանք աշխարհաքաղաքական հաշիւներ կրնան ունենալ, սակայն ամէնէն վտանգաւորը եւ վախցնողը հաշուիչն է, լիբանանեան դրամանիշի հաշուիչը, որ ամէն վայրկեան կը յուշէ լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկումը: «Կեդրոնական դրամատան մէջ կարգ մը պատասխանատուներ ելեւմտական ի՛նչ ծրագիրներ եւ ելքեր ալ մտածեն, ապարդիւն պիտի ըլլայ, եթէ իսկական բարեկարգում չկատարուի` հանրապետութեան նոր նախագահին ընտրութեամբ եւ Միջազգային դրամական ֆոնտի ծրագիրին մէկ բաժինէն օգտուելով, որովհետեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի ծրագիրին ամբողջութենէն օգտուելու պարագային նոյն տագնապին մէջ կը մնանք, եւ քաղաքացին կը վճարէ անոր գինը», յայտնեց ան:
Ժոմպլաթ անդրադարձաւ նաեւ կարեւոր իրողութեան մը, որ կրթութեան մարզն է: «Չեմ գիտեր ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս, կառավարութիւնը ելեկտրականութեան մարզ կոչուող ծակ հորին համար 60-70 միլիոն տոլարի յատկացում մը կատարեց, իսկ կրթութեան մարզը, որ միայն 25 միլիոն տոլարի կարիք ունի եւ շատ աւելի կարեւոր է ելեկտրականութեան մարզէն, անոր համար կը զլանայ յատկացումներ կատարել», հաստատեց ան:


