ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 58.700 լ. ոսկի է:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հաղորդեց, թէ 1 փետրուար 2023-էն սկսեալ ամերիկեան տոլարի պաշտօնական փոխարժէքը 15.000 լ. ոսկի պիտի ըլլայ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի զոյգ սակացոյցեր` առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին: Զոյգ սակացոյցերուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.082.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.107.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.118.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 685.000 լ. ոսկի:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին յայտնեց, որ քարահանքերու մարզը ազատ պիտի չձգուի եւ անոր հետ վարուելու նոր միջոցներու պիտի դիմուի:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ յայտնեց, որ խորհրդարանը բաղկացնող երեք շերտեր կը խոչընդոտեն նախագահական ընտրութիւնը, եւ անոնք են` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը, Ամալ շարժումն ու Հըզպալլան:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Իպրահիմ Մնայմնէ յայտնեց, որ կան քաղաքական ուժեր, որոնք կը պնդեն, թէ նախագահական ընտրութիւնը կ՛ուզեն կատարել խորհրդարանին երկու երրորդով:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանի խուզարկութեան բաժինի ոստիկանները բացայայտած են 117 հազար տոլարի գումար մը` եթովպիացի աշխատողի մը մօտ: Հարցաքննութենէն ետք ի յայտ եկաւ, որ ան այդ գումարը գողցած է այն ընտանիքէն, որուն բնակարանը կ՛աշխատէր:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Իրաքի արտաքին գործոց նախկին նախարար Մոհամետ Հաքիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
 
			

