Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքերի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Պու Հապիպի Հետ Եւ Այցելեց Իրանի Պարտէզ

February 11, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար եւ իրանեան հիւլէական թղթածրարի հարցով աւագ բանագնաց Ալի Պաքերի Քաննի, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Լիբանան, հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի:

Հանդիպումէն ետք Պաքերի յայտնեց, որ Պու Հապիպի հետ քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները` աւելցնելով, որ լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները պատմական են եւ անոնք առիթ կու տան երկու երկիրներուն, որ իբրեւ ժողովուրդներ եւ կառավարութիւններ ամէն ջանք ի գործ դնեն զանոնք ամրապնդելու:

Պաքերի հաստատեց, որ Իրան միշտ կը զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ զայն կը պաշտպանէ տարբեր մարզերու մէջ: «Պիտի չզլանանք գոհացնելու Լիբանանի պահանջները», ըսաւ ան:

Պաքերի ընդգծեց նաեւ, որ իրենք համոզուած են, թէ լիբանանեան քաղաքական աւագանին, ինչպէս նաեւ լիբանանցի ժողովուրդը գիտակցութիւնն ու իմաստութիւնը ունին երկրին աւելի լաւ ապագայ մը ծրագրելու` իրենց ազգային ազատ ու անկախ կամքով, հեռու արտաքին բոլոր միջամտութիւններէն:

Պաքերի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Պաքերի ներկայացուց իրանեան հիւլէական թղթածրարին հարցով բանակցութիւններու զարգացումները:

Պաքերի այցելեց նաեւ հարաւային Լիբանան, ուր այցելեց Իրանի պարտէզը, որ կը գտնուի Մարուն Ռաս շրջանին մէջ:

Ան բարձր գնահատեց Ամել լերան վրայ գտնուող այդ շրջանը, ուր Դիմադրութիւնը արձանագրած է իր պատմական յաղթանակները, որոնք փառք ու պատիւ բերած են Լիբանանին, ինչպէս նաեւ արաբական ու իսլամական աշխարհին:

Պաքերի հաստատեց, որ Լիբանանի ու շրջանի ապահովական կայունութիւնը Դիմադրութեան ուժէն կախեալ է:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ժահժահի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.