Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան անցեալ շաբաթավերջին իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որ բարի ապաքինում մաղթեց միւֆթիին, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներուն` անոնց երկիրները հարուածած երկրաշարժին պատճառած աղէտին համար:
Սինիորա կոչ ուղղեց աշխարհի բոլոր երկիրներուն փութալու սուրիացիներու եւ թուրքերու օժանդակութեան:
Ան անդրադարձաւ լիբանանցի ժողովուրդին եւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նկատմամբ անոր տածած յարգանքին ու անոր մահով զգացուած կորուստին եւ հսկայ բացին:
Սինիորա շեշտեց, որ Լիբանանը կարելի պիտի չըլլայ փլուզումէ ու քայքայումէ դուրս բերել, եթէ պետութիւնը իր իշխանութիւնը չվերստանձնէ:
Ան նկատել տուաւ, որ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ժողովը կարեւոր է այն առումով, որ անիկա միջոց մըն է` փաստելու, որ աշխարհը յանձնառու է Լիբանանին:
Միւֆթի Տըրիանի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որ յայտնեց, թէ ներկայիս լիբանանցիները կ՛ապրին ամէն իմաստով փոխանցման շրջան մը, որովհետեւ քաղաքական կայունութիւն կամ որեւէ այլ տեսակի կայունութիւն գոյութիւն չունի:
«Սակայն արաբական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ ի գործ դրուող ջանքերը ի վերջոյ պիտի յանգին արդիւնքի մը, որ առաւելագոյնը մինչեւ յառաջիկայ երեք ամիսները պիտի դրսեւորուի», ըսաւ Մաշնուք` հաստատելով, որ Լիբանանը պիտի ունենայ իր հանրապետութեան նախագահը, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութիւնը, որ պիտի գործադրէ միջազգային ընտանիքին պահանջած բարեկարգումները:


