Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շինքըր. «Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Շարունակելու Հարցով Հըզպալլայի Գերզգայնութիւնը Կասկած Կը Պատճառէ»

February 13, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով նախկին օգնական Տէյվիտ Շինքըր իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը ճնշում չէ բանեցուցած, որպէսզի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հարցով հետաքննութիւնը շարունակուի եւ պատասխանատուութիւնը բացայայտուի:

«Նոյնն է պարագան Լոքման Սլիմի սպանութեան», ըսաւ ան:

Պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու կողմէ նաւահանգիստի պայթումին պահուն վերաբերող արբանեակային լուսանկարներ Լիբանանի չտրամադրելու մասին հարցումի մը` Շինքըր ըսաւ. «Բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ Միացեալ Նահանգներ շուրջօրեայ դրութեամբ արբանեակներով կը նկարեն Լիբանանը, պէտք է իմանան, որ Միացեալ Նահանգներու համար Լիբանան շատ փոքր երկիր է եւ անկարելի է 24 ժամուան վրայ արբանեակային լուսանկարներ ունենալ Լիբանանէն»:

«Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հարցով Հըզպալլան պատասխանատուութիւն կը կրէ՞» հարցումին պատասխանելով` Շինքըր նշեց, որ կարելի չէ դաւադրութեամբ մօտենալ հարցերուն: Ան յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն կը կրէ, որովհետեւ պայթուցիկ այդ նիւթերը անկանոն կերպով զետեղուած էին նաւահանգիստին մէջ: «Այս իրականութեան կողքին, նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը շարունակելու հարցով Հըզպալլայի գերզգայնութիւնը կասկած կը պատճառէ: Ինչո՞ւ ան պէտք է գերզգայուն դառնայ այս հարցով, եթէ այդ առումով հիմնական պատասխանատուութիւն չունի», աւելցուց ան:

Պատասխանելով այլ հարցումի մը, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի գործակցի՞ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ, եթէ ան հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, Շինքըր նշեց, որ Լիբանանն է, որ պիտի որոշէ հանրապետութեան յաջորդ նախագահին ինքնութիւնը:

«Լիբանանի քրիստոնեայ հասարակութիւնը նախագահի ընտրութեան իմաստով երկփեղկուած է, ոմանք կ՛ուզեն ազգային կշիռ ունեցող ղեկավար մը, ոմանք կը փափաքին զինուորական մը. այս իմաստով ոչ մէկ որոշում կախեալ է Միացեալ Նահանգներէն: Իսկ Ֆրենժիէի պարագային, յստակ է, որ ան Հըզպալլայի եւ Ասատի վարչակազմին թեկնածուն է, սակայն լիբանանցիները կրնան ընտրել զայն, եթէ կը փափաքին», եզրափակեց ան:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչները Կոչ Ուղղեցին Արագացնելու Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը

Յաջորդը

Միւֆթի Տըրիան Ընդունեց Սինիորան Եւ Մաշնուքը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.