Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ` գլխաւորելով Ազգային ազատ հոսանքի մէկ պատուիրակութիւնը, այցելեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին: Պալամանտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Պասիլ ցաւակցութիւն յայտնեց պատրիարքին` Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած երկրաշարժի զոհերուն համար:
«Կը գտնուինք մարդկային հսկայ ողբերգութեան մը դիմաց եւ կը ցաւակցինք բոլոր համայնքներուն ու հասարակութիւններուն, յատկապէս անոնց, որոնք բաւարար օժանդակութիւն չեն ստանար եւ խիստ ծանր պայմաններու մէջ կը գտնուին: Կոչ կ՛ուղղենք Սուրիան շրջափակումի ենթարկած բոլոր երկիրներուն` վերջ տալու այդ շրջափակումին», ըսաւ ան:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ նշեց, որ Եազիժի պատրիարքէն իմացած են Հալէպը հարուածած երկրաշարժին պատճառած վնասները` աւելցնելով, որ իրենք օժանդակութեան ձեռք կ՛երկարեն բոլորին:
Պասիլ նշեց նաեւ, որ Եազիժի պատրիարքին հետ քննարկած են նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր` աւելցնելով, որ կը զօրակցին պատրիարքներուն կողմէ հնչած նախագահ ընտրելու կոչերուն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը քրիստոնէական գործընթաց չէ, այլ` ազգային:
«Մենք պէտք է յանձնառու մնանք համաձայնութեան մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ փրկութեան ծրագիրի, ինչպէս նաեւ ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ գործադրէ այդ ծրագիրը», յայտնեց Պասիլ:


