Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Եւ Ռայի Պատրիարք Պքերքէի Մէջ Հանդիպում Ունեցան

February 11, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 10 փետրուար 2023-ի երեկոյեան, մարոնի եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքերքէի մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպման ներկայ էին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պատրիարքական փոխանորդ Փոլ Սայյահ արքեպիսկոպոսը:

Այցելութեան հիմնական նպատակն էր 27 յունուարին 2023-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կայացած երկու հոգեւոր պետերու հանդիպումէն բխած` քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովն ու քրիստոնեայ երեսփոխանները նախագահական ընտրութեան գծով խորհրդակցական նիստի հրաւիրելու նախաձեռնութեան արժեւորումն ու գործնականացման քայլերու քննարկումը:

Ռայի պատրիարքը վեհափառ հայրապետին ներկայացուց քրիստոնեայ կողմերուն հետ կատարուած հաղորդակցութեան ընդհանուր պատկերը եւ քաղաքական ուժերուն կեցուածքները:

Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, կարեւորութեամբ շեշտեց ճիգերու շարունակութիւնը, ի հարկին տարբեր ձեւաչափերով, նկատի ունենալով հանրապետութեան նախագահի արագ ընտրութեան հրամայականը, մեկնած Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդին գերագոյն շահերէն` աւելցնելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ամբողջութեամբ կը զօրակցի երկխօսութեան անհրաժեշտութեան:

Հանդիպման աւարտին, երեսփոխան Բագրատունի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ծնունդ առած քրիստոնէական երկխօսութեան հանդիպման գծով կատարուող այս խորհրդակցական հանդիպումը շարունակութիւնն է նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութեան, իբրեւ ազգային լիբանանեան եւ քրիստոնէական պատասխանատուութիւն: Ան աւելցուց, որ հանդիպումէն դուրս եկած է այն լաւատեսութեամբ, որ Ռայի պատրիարքը պիտի շարունակէ իր խորհրդակցութիւնները` երկիրը դուրս բերելու ներկայ տագնապալի վիճակէն, եւ այս քայլերուն անվերապահ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն հայ համայնքն ու Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Նախորդը

Մար Մարունի Տօնին Առիթով. Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Վերադառնալու Իրենց Իսկական Ինքնութեան

Յաջորդը

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ. «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Կատարեցին Գրաւոր Աշխատանք

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.