Լիբանանի մէջ Եւրոպական միութեան ներկայացուցիչներն ու միութեան անդամ երկիրներու դեսպանները հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ Եւրոպական Միութեան խոր մտահոգութիւնը Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան նկատմամբ:
Եւրոպական Միութիւնը կոչ ուղղեց արագացնելու հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ յարգելու դատական իշխանութիւններուն անկախութիւնն ու առիթ չտալու, որ դատական իշխանութիւններու հարցերուն միջամուխ դառնան:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հարցով թափանցիկ եւ արդար հետաքննութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով ճշմարտութիւնը իմանալու իրաւունքը յարգելու կարեւորութիւնը:
Եւրոպական Միութիւնը կոչ ուղղեց խորհրդարանին ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը միացնէ լիբանանցիները` ապահովելով անոր ազգային շահերը, ինչպէս նաեւ առիթ տալով, որ նախաքայլը առնուի` լիբանանեան ազգային հաստատութիւններուն վերաշխուժացման` վարչական եւ քաղաքական մակարդակներու վրայ:
Նոյն հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ լիբանանեան իշխանութիւնները պէտք է քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտով կատարեն, որպէսզի կարենան պետական հաստատութիւններուն աշխատանքային լաւ ընթացքը ապահովել:
Եւրոպական Միութիւնը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ Լիբանան իրմէ պահանջուած բարեկարգումները գործադրէ, որպէսզի կարելի ըլլայ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ վերջնական համաձայնութեան յանգիլ` ի խնդիր Լիբանանի մատուցուելիք տնտեսական եւ ելեւմտական ամբողջական կայունութեան:


