Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 11, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 64.500 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի զոյգ սակացոյցեր` առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին: Զոյգ սակացոյցերուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.205.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.232.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.203.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 767.000 լ. ոսկի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ Հռոմի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Կիտօ Քրոսեթթոյի հետ: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ մօտիկ ապագային Լիբանանի նկատմամբ պիտի արձանագրուի եւրոպական շարժում մը, որուն պիտի զօրակցին նաեւ Ծոցի երկիրները:

ԴԱՏԱԿԱՆ իշխանութեան գերագոյն ատեանը երէկ Աքքարի Թլէյլ շրջանին մէջ վառելանիւթի շտեմարանի պայթումի թղթածրարին քննարկումը յետաձգեց 31 մարտ 2023-ին:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի անհրաժեշտ նկատեց, որ երկրաշարժին եւ ընդհանրապէս երկրաբանութեան կեդրոններուն կողմէ հրապարակուած լուրերը յայտարարուին պաշտօնական աղբիւրներէ եւ պատասխանատու կերպով, որպէսզի քաղաքացիներուն մօտ խուճապ չստեղծուի: Ան շեշտեց, որ տեղեկատուութեան մարզը պատասխանատու է ճշգրիտ տեղեկութիւնները ներկայացնելու քաղաքացիին եւ հակակշռելու այս իմաստով կատարուող ամէն տեսակի ապատեղեկատուութիւն:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի այցելեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ յայտնեց իր շնորհաւորութիւնները` Մար Մարունի տօնին առիթով: Հանդիպումէն ետք Մաուլաուի յայտնեց, որ լիբանանցիներուն ապահովութեան պատասխանատուութիւնը իրենց պատասխանատուութիւնն է` աւելցնելով, որ կալուածներու վերաբերող հետաքննութիւնները կը կատարուին բոլոր շրջաններուն մէջ, եւ ոչ թէ այս կամ այն շրջանին դէմ ուղղուած են:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ ցաւալի է վկայել, թէ երկիրներ կ՛անտեսեն Սուրիոյ մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել` պատժամիջոցներու պատրուակին ներքեւ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հատի Ապուլ Հասան Քուէյթի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանցի քաղաքացիներու հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` իրենց ընտանիքներուն զօրակցելու անոնց դերակատարութեան համար: Ապուլ Հասան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Սալեմ Ապտալլա Ժապեր Սապահի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները Լիբանանի քաղաքական իրադարձութիւնները եւ այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա կառավարութեան ներկայացուց հարցում մը` «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան կողմէ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու մասին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հարց տուաւ, որ մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւեն երկու չափ երկու կշիռի քաղաքականութիւնները, ինչպէս նաեւ մարդկային նուազագոյն իրաւունքները յարգելու իմաստով արձանագրուած խտրութիւնը: Հաշեմ կ՛ակնարկէր Սուրիան եւ Թուրքիան հարուածած երկրաշարժներէն ետք աշխարհին կողմէ Սուրիոյ նկատմամբ մարդասիրական արշաւ մը չսկսելու իրականութեան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը վայելէ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն քաղաքական հովանաւորութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր հաստատեց, որ կարգ մը դատաւորներ մեծ պատասխանատուութիւն կը կրեն երկրին մէջ տիրող ելեւմտական իրավիճակին եւ տնտեսական տագնապին առումով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքով յայտնեց, որ ռուսական իշխանութիւնները որոշած են Լիբանանին ձրիաբար ցորեն եւ նաւթ տրամադրել: Ան շեշտեց, որ ներկայիս կը սերտուին այն միջոցները, որոնք պիտի երաշխաւորեն ցորենի եւ նաւթի փոխադրութիւնը:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Արամունի մէջ ձերբակալեց թմրեցուցիչի ամէնէն վտանգաւոր մաքսանենգներէն Ապու Ալին ու անոր եղբայրը, ինչպէս նաեւ գրաւեց անոնց մօտ գտնուող մեծ քանակութեամբ եւ տարբեր տեսակի թմրեցուցիչ եւ պատերազմական զէնքեր:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ յառաջիկայ շաբթուան կէսէն սկսեալ դրամատուները կ՛ուղղուին ամբողջական փակումի:

Նախորդը

Ուաշինկթըն Մարդասիրական Օժանդակութիւնները 6 Ամիսով Զանց Կացուցեց Սուրիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցներէն

Յաջորդը

Պաքերի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Պու Հապիպի Հետ Եւ Այցելեց Իրանի Պարտէզ

RelatedPosts

«Միացեալ Նահանգներ Կը Ջանան Լիբանանի Մէջ Յարմար Առիթէն Օգտուիլ Հըզպալլայի Իրանեան Ֆինանսաւորումը Խափանելու Համար»   Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը
Գլխաւոր լուրեր

«Միացեալ Նահանգներ Կը Ջանան Լիբանանի Մէջ Յարմար Առիթէն Օգտուիլ Հըզպալլայի Իրանեան Ֆինանսաւորումը Խափանելու Համար» Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը

Նոյեմբեր 10, 2025
Անդրադառնալով Իսրայէլի Հետ  Բանակցութիւններու Հարցին`  Պըրրի. «Գոյութիւն Ունի «Մեքանիզմ» Կոչուողը,  Որ Պէտք Է Կանոնաւոր Կերպով Ժողով Գումարէ,  Եւ Անհրաժեշտութեան Պարագային  Կարելի Է Մասնագէտներու Դիմել»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Բացառուած Է»

Նոյեմբեր 10, 2025
Մըթրի. «Եգիպտական Նախաձեռնութիւնը Լիբանանի Համար Օգտակար Է»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Եգիպտական Նախաձեռնութիւնը Լիբանանի Համար Օգտակար Է»

Նոյեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?