ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 66.800 լ. ոսկի է:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ յետմիջօրէին թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի ծովեզերեայ շրջանին, յատկապէս Սուրի վերեւ, խզելով ձայնի պատը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին ան իր արտասանած քարոզին մէջ խօսքը ուղղելով իշխանութիւններուն հաստատեց, որ արաբական եւ միջազգային ընտանիքներուն կողմէ իւրաքանչիւր կոչ` ձեր փտածութեան դէմ դատապարտանք է, ինչպէս նաեւ` ձեր գործելակերպը իշխանութեան չարաշահում է: Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահին ընտրութեամբ լիբանանեան պետութեան պատկանող հարստութիւններու օգտագործումին վերջ մը կարելի պիտի ըլլայ դնել:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ այս կամ այն հրահանգին չ՛ենթարկուիր: Ան շեշտեց, որ իրենք չեն ուզեր ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ լիբանանցիներու որոշումը կ՛ուզէ գրաւել:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ անցեալ շաբաթավերջին Մուխթարայի մէջ ժողովրդային հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի ներկայացուցած ազգային նախաձեռնութիւնները կը միտին պաշտպանել երկրին պետական հաստատութիւնները եւ վերջ տալ անոնց փլուզումին: Ան շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան տագնապը կը լուծուի, երբ ազգային զիջումներ կատարուին` վերջ տալու համար ամիսներ տեւած նախագահական դատարկութեան փուլին:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան արգելակումին պատասխանատու է մարոնի համայնքը: Ան շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ միակն է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ կրնայ քննարկել սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել երեսփոխանական պլոքի նախագահ Հիւսէյն Հաժ Հասան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն համախոհութիւն գոյացնելու` հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութեան շուրջ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քերիմ Քապպարա ընդունեց Սեփական դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտը, որուն հետ քննարկեց ուսուցիչներուն դիմագրաւած հարցերն ու դժուարութիւնները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած բարդ պայմանները առարկայական քննարկում եւ շինիչ երկխօսութիւն կը պահանջեն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ օրէնսդրական նիստի հրաւէրը սխալ է, իսկ անոր մեղսակցիլը` մեղք: Տահեր ընդգծեց, որ նախագահական դատարկութեան փուլը անցողակի դէպք մը չէ, այլ` լուրջ հարց:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Լիբանան այսօր խիստ կարիքը ունի փոխըմբռնումի եւ ազգային միասնականութեան ու համերաշխութեան:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ կարողութիւն ունի Լիբանանը իր տագնապներէն դուրս բերելու:


