ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 69.500 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի զոյգ սակացոյցեր` առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին: Զոյգ սակացոյցերուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.269.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.299.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.245.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 814.000 լ. ոսկի:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա յայտնեց, որ սահմանադրութիւնը խորհրդարանին դերակատարութիւնը սահմանափակած է միայն նախագահական ընտրութիւն կատարելով, «սակայն ոչինչ կ՛արգիլէ, որ խորհրդարանը օրէնսդրական նիստ գումարէ», ըսաւ ան: Մուրթատա հաստատեց, որ սահմանադրական իշխանութիւնները կը գործեն դրական աշխատանքի համար եւ ոչ թէ ժխտական ազդեցութիւն ձգելու եւ աշխատանքը արգելակելու:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ մեկնեցաւ Գահիրէ, ուր պիտի մասնակցի «Իճիփթ փեթրոլիում շօ»-ի (EGYPS 2023) խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին ան պիտի ներկայացնէ Լիբանանի մէջ նաւթի եւ կազի մարզին մէջ ներդրում կատարելու կարելիութիւնները:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հաստատեց, որ իրենք պիտի չմասնակցին օրէնսդրական նիստին` աւելցնելով, որ ինչ որ կառավարութեան նիստին կը վերաբերի` հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան ժողով գումարելու իրաւունք չունենալու իմաստով, «կը վերաբերի նաեւ խորհրդարանին, որ ընտրական խորհուրդի վերածուած է եւ միայն շտապ անհրաժեշտութեան պարագային կրնայ նիստեր գումարել», ըսաւ ան:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ օրէնսդրական նիստին մասնակցող երեսփոխանները պիտի կրեն երկրին մէջ արձանագրուելիք տնտեսական-ընկերային երկրաշարժին պատասխանատուութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա կարեւոր նկատեց խորհրդարանին կողմէ գումարուելիք անհրաժեշտութեան օրէնսդրական նիստերը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին հարցերը լուծել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պիլալ Հշայմի հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կոչ կ՛ուղղէ բոլորին պոյքոթի ենթարկելու օրէնսդրական նիստին մասնակցութիւնը: Հշայմիի հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը կը միտի ժողովուրդին մօտ տակաւին գտնուող կարգ մը իրաւունքները եւս խլել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Եասին Եասին յայտնեց, որ քաղաքական ոչ մէկ կողմ կրնայ առանձինն հանրապետութեան նախագահ ընտրել, հետեւաբար պէտք է համախոհութիւն գոյացնել:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Անթուան Հապշի հաստատեց, որ իրենց մօտ բոլոր ընտրանքները առկայ են` արգիլելու համար ներկայ իշխանութեան թեկնածուն հանրապետութեան նախագահ ընտրելու հոլովոյթը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ հայրենիքին եւ քաղաքացիին շահերն են, որոնք կը ճշդեն սահմանադրութեան եւ օրէնքին սահմանները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապա Ռամիա ուղղուեցաւ Ֆրանսա, ուր քաղաքական եւ դիւանագիտական հանդիպումներ պիտի ունենայ ֆրանսացի պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ` Ժիպէյլի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներ իրագործելու նպատակով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը մուտքն է դէպի բարեկարգումներու գործադրութիւն:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ հաստատեց, որ ինք համաձայն է խորհրդարանին կողմէ օրէնսդրական նիստի գումարումին, որպէսզի կարելի ըլլայ անկարելի թուացող առաքելութիւններու հազարապետ-զօրավարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել:


