Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ յայտնեց, որ քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծը թակարդներով լեցուն է եւ ամբողջական հարուած ստացած ու բարեփոխուած` ծառայելու համար ներկայ վարչակազմէն օգտուողներու շահերուն:
«Հետեւաբար կը մերժեմ կառավարութեան նիստին մասնակցիլ, եթէ քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծը պիտի քննարկուի, իսկ առաջնահերթութիւնը նախագահական ընտրութիւնն է», ըսաւ ան:
Սալամ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ իր յարաբերութիւնները լաւ են` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը ձախողած է երկրին հարցերը լուծելու մէջ:
Սալամ ընդգծեց, որ Լիբանան բաւական դժուար փուլ մը պիտի դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ իրենք այսօր կը գտնուին փակ պատի մը դիմաց:
Ան հաստատեց, որ տնտեսութեան նախարարութիւնը ստիպուեցաւ հացին սակը բարձրացնելու առումով արտակարգ որոշումներ տալ` աւելցնելով, որ երկրին մէջ սակերու քննչական աշխատանք տանելու եւ զանոնք հակակշիռի տակ պահելու իմաստով լուրջ հարց գոյութիւն ունի:
Սալամ հաստատեց, որ դրամատնային համակարգը պէտք է վերատեսութեան ենթարկել` շեշտելով, որ կարելի չէ դրամատան մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն ըսել, թէ անոնք իրենց գումարները կորսնցուցած են:
Սալամ նշեց, որ Լիբանանի նիւթական արտաքին պարտաւորութիւնները չկատարելը երկրին հաշուոյն գործուած հսկայ ոճիր մըն էր` աւելցնելով, որ մարդիկ Հրատ հասան, իսկ լիբանանցին տակաւին կը խօսի ելեկտրականութեան ժամացոյցին մասին:


