Միքաթի Կարգ Մը Նախարարներու Հետ Ունեցաւ Խորհրդակցական Հանդիպում Մը
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց կարգ մը նախարարներ, որոնց հետ ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը` երկիրն ու քաղաքացին յուզող թղթածրարներուն եւ անոնց լուծման մօտեցումներուն ու ձեւերուն մասին: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ աւելի մանրամասն քննարկումներ պիտի կատարուին կառավարութեան գումարելիք նիստին ընթացքին, երբ նման նիստի մը կարեւորութիւնը զգացուի: Միքաթի որոշեց կազմել նախարարական յանձնախումբ մը` գլխաւորութեամբ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամիի` սերտելու համար...



















