Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դատախազ Ղատա Աուն Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային Ընտանիքին Փրկելու Գողութեան Ենթարկուած Ժողովուրդը

May 6, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դատախազ Ղատա Աուն ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարած իր գրառումով կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին, Եւրոպական խորհրդարանին, ՄԱԿ-ին եւ օրէնքի գերիշխանութեան հաւատացող ազատ երկիրներուն` փրկելու գողութեան ենթարկուած ժողովուրդը, որ հալածուած է եւ անողոք մաֆիայի մը կողմէ չարաշահումի կ՛ենթարկուի:

Յիշեցնենք, որ նախանցեալ օր Դատաստանական պատժական գերագոյն խորհուրդը որոշեց  Ղատա Աունը պաշտօնազրկել Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազի իր պաշտօնէն:

Նոյն գրառումին մէջ Աուն նշեց, որ ինք պաշտօնազրկուած է ո՛չ օրէնքի սկզբունքներուն չենթարկուելուն պատճառով, ո՛չ ալ փտածութեան հետ կապուած պատճառներով, սակայն անհեթեթ եւ աննշան պատճառներով, որոնց շարքին է, օրինակ, «Ուաթսափ» յաւելուածին ընդմէջէն իր խօսակցութիւններէն մէկուն ընթացքին արտայայտած իր կարծիքը` երկրին արդարութեան կացութեան մասին:

Աուն շեշտեց, որ զինք պաշտօնազրկելու իսկական պատճառները այլ տեղ կը գտնուին` աւելցնելով, որ անոնցմէ մէկը կրնայ ըլլալ այն, որ դատախազ մը յանդգնեցաւ յարձակիլ այս կամ այն քաղաքական կողմին հովանաւորութիւնը վայելող պատասխանատուներու վրայ, ինչպէս նաեւ կրնայ ըլլալ այն, որ դատախազ մը խստիւ քննադատեց որոշ վարչապետի մը արարքները:

«Ազատ աշխարհի մէջ ապրող սիրելի բարեկամներ, իսկապէս վտարուեցայ, որովհետեւ կը հաւատայի օրինակելի սկզբունքներու եւ մաֆիայի մաս կազմող յանցագործները դատավարութեան ենթարկելու կարելիութեան: Օժանդակեցէ՛ք մեզի», գրեց Աուն:

Միւս կողմէ, Ղատա Աունի պաշտօնազրկումին մասին հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն շեշտեց, որ դատախազ Ղատա Աունի այսօրուան պայքարը փտածութեան մաֆիան տապալելու պայքար է: «Ղատա Աունի մղած պայքարը իր ճակտին քրտինքով վաստկած իրաւունքը կորսնցուցած իւրաքանչիւր լիբանանցիի պայքար է», ըսաւ ան:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըրպան Պասիլ նշեց, որ փտածութեան համակարգը ինքզինք փաստեց իբրեւ ժողովուրդին իրաւունքներուն դէմ դաւադրութիւն գործող համակարգ, «եւ այդ իրողութիւնը դրսեւորուեցաւ պարկեշտ դատախազ Ղատա Աունի դէմ գործուած դաւադրութեամբ», նշեց ան:

Նախկին երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա իր կարգին գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ Դատաստանական պատժական գերագոյն խորհուրդը պատժական տնօրինումի արժանի է` աւելցնելով, որ պատմութիւնը պիտի վկայէ, թէ դատախազ Աուն դատական իշխանութիւններուն արտադրած ամէնէն արժանապատիւ դատախազներէն է:

 

 

Նախորդը

Պուխարի Սալամի Եւ Շէյխ Ապի Մունայի Հետ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Պնաշյիի Մէջ. «Ֆրենժիէ Բոլորին Հետ Գործակցելու, Խօսելու Եւ Ըմբռնումի Յանգելու Պատրաստ Է» Շեշտեց Պու Սաապ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.