Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

May 9, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ այս զգայուն փուլին ընթացքին պէտք է միշտ խորհրդակցիլ Պըրրիի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութեան հորիզոնները նշմարել:

Ան ըսաւ նաեւ, որ նախագահական ընտրութեան կողքին նաեւ կան կարգ մը կողմնակի հարցեր, որոնք նոյնքան կարեւոր են, եւ անոնցմէ կը նկատուին քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները:

Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ ներքին լիբանանեան առումով կայ նուրբ հարց մը, որուն քննարկումը զգայուն է. «այդ ալ սուրիացի տեղահանուածներուն եւ Լիբանանի մէջ բնակող սուրիացիներուն միջեւ տարբերութիւնն է: Այս իմաստով պէտք է ըլլայ կեդրոնական հեղինակութիւն մը, որ այս պարագային կառավարութիւնը պիտի ըլլայ, իսկ անոր կողմէ նշանակուած ապահովական կառոյցն է Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է, որ միայն մէկ հեղինակութիւն ստանձնէ այս աշխատանքը, եւ անոր լուծումը ըլլայ հեռու ծայրայեղութենէ եւ յաւելաբանութենէ», ըսաւ ան:

Սուրիոյ` Արաբական լիկա վերադարձին մասին հարցումի մը պատասխանելով, Ժոմպլաթ ըսաւ. «Արաբական կառոյցը գեղեցիկ է, իսկ Սուրիոյ վերադարձով վերահաստատուած է «Համակարգը լաւ ընթացքի մէջ է»-ի դրութիւնը»:

Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան գծով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պաշտօնական կեցուածքին մասին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ այս առիթով ինք պիտի ունենայ հարցազրոյց մը, որ պիտի սփռուի այս շաբաթ:

Նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առնչութեամբ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին կատարած այցելութիւններուն մասին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ սէուտցի դեսպանը հաստատած է, որ Ռիատ բոլորէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ չի դառնար եւ նախագահական ընտրութեան առումով ոչ մէկ անձնաւորութեան թեկնածութիւն վեթոյի կ՛ենթարկէ:

Ժոմպլաթ նշեց, որ այս իմաստով ինք անպայման այս զգայուն հարցին շուրջ կը խորհրդակցի Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի հետ, «որովհետեւ ապագան անոր է եւ ոչ ինծի, իսկ մեր միջեւ բնաւ տարակարծութիւններ չկան», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Պըրրի Եւ Պու Հապիպ Կ՛ողջունեն Սուրիոյ` Արաբական Լիկա Վերադարձը

Յաջորդը

Պուխարի Միքաթին Հրաւիրեց Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին Եւ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.