Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Եւ Պու Հապիպ Կ՛ողջունեն Սուրիոյ` Արաբական Լիկա Վերադարձը

Մայիս 9, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Սուրիան Արաբական լիկա վերադարձնելու որոշումը ուշացած է, «սակայն անիկա քայլ մըն է ճիշդ հունի մէջ մտնելու, ինչպէս նաեւ արաբական ճշգրիտ ուղեգիծին վերադառնալու», շեշտեց ան:

Պըրրի ընդգծեց արաբական միասնականութեան եւ միացեալ կեցուածք որդեգրելու կարեւորութիւնը: «Սուրիոյ արաբներուն վերադարձով եւ արաբներուն Սուրիա վերադարձով, արաբական համագործակցութիւնը նոր յարութեան մը յոյսով կը շողայ», ըսաւ Պըրրի:

Իր կարգին, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանան բազմիցս պահանջած էր Սուրիոյ վերադարձը Արաբական լիկա` աւելցնելով, որ անոր վերադարձով է, որ պիտի սկսի Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումը:

Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանան միշտ մերժած է Արաբական լիկայէն Սուրիոյ անդամակցութեան սառեցումը:

«Արաբական լիկան պակասաւոր է առանց Սուրիոյ, որովհետեւ ան լիկայի հիմնական բաղկացուցիչն է եւ պէտք է իր դերակատարութիւնը ունենայ», նշեց ան:

Պու Հապիպ ըսաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի Արաբական լիկայի վեհաժողովին մասնակցութիւնը անոր հայեցողութեան ձգուած է` աւելցնելով սակայն, որ անիկա պիտի ըլլայ լաւ առիթ մը, որուն ընթացքին Ասատ արաբ թագաւորներու, իշխաններու եւ նախագահներու հետ խորհրդակցի:

Սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին անդրադառնալով` Պու Հապիպ յայտնեց, որ այդ հարցը Լիբանանի համար գոյութենական վտանգ կը սպառնայ` աւելցնելով, որ իրենք կոչ կ՛ուղղեն միջազգային ընտանիքին գործակցելու Լիբանանի հետ եւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի ուղեգիծ մը ճշդելու:

 

Նախորդը

«Արդեօք Միջազգային Ընտանիքը Կը Մտածէ Սուրիացի Տեղահանուածները Լիբանանի Մէ՞ջ Բնակեցնել» Հարց Տուաւ Ռայի Պատրիարքը

Յաջորդը

Պըրրի Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Բանակցութեան Ընտրանքին  Իսրայէլի Պատասխանին Կը Սպասէ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Բանակցութեան Ընտրանքին Իսրայէլի Պատասխանին Կը Սպասէ»

Նոյեմբեր 13, 2025
Պքերքէի Մէջ .  Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Լիբանանցիները` Հաստատելով Դատական Իշխանութիւններուն Հանդէպ Յարգանքի Կարեւորութիւնը
Լիբանանեան

Պըրրի. «Հարաւային Լիբանանին Սպառնացող Իսրայէլեան Վտանգները Բոլոր Լիբանանցիներուն Կը Սպառնան»

Նոյեմբեր 13, 2025
Պըզրի. «Ընտրական Օրէնքը Չքննարկելը  Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Կայացման  Կարելիութիւնը Պիտի Վտանգէ»
Լիբանանեան

Պըզրի. «Ընտրական Օրէնքը Չքննարկելը Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Կայացման Կարելիութիւնը Պիտի Վտանգէ»

Նոյեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?