ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 94.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.300 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 67.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 65.000 լ. ոսկիով, մազութը` 56.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 38.000 լ. ոսկիով:
Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.666.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.708.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.441.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 959.000 լ. ոսկի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Պըրրիի այցելեց նաեւ Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Մոհամետ Շքէյր:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ երէկ Պէյրութի Արդարութեան պալատին մէջ եւրոպական դատական յանձնախումբին ներկայացուց իր տեղեկութիւնները:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ նաւահանգիստներու մարզին վերաբերող օրինական նոր շրջագիծը յանձնուած է խորհրդարան:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի շեշտեց, որ երկիրը առանց հանրապետութեան նախագահի պիտի չհանդարտի` աւելցնելով, որ անձնական եւ որոշ անձերու շահերուն համար հայրենիքը քանդողներ կան: Միւս կողմէ, Մքերի յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ յանձնառու կը մնայ Թաէֆի համաձայնագիրի գործադրութեան` ընդգծելով, որ նորընտիր նախագահը պէտք չէ մերժէ լիբանանցիներուն մեծամասնութեան հետ խօսիլ:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հաստատեց, որ Լիբանան կը մերժէ սուրիացի տեղահանուածներու կացութիւնը օրինականացնել եւ կը պահանջէ անոնց տունդարձի ծրագրաւորումը` յստակ ժամանակամիջոցի մը հիմամբ:
ՊԱԱԼՊԵՔԻ նահանգապետ Պաշիր Խտըր յայտնեց, որ 500 սուրիացի տեղահանուածներ իրենց անունները արձանագրած են` տունդարձ կատարելու նպատակով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ կոչ ուղղեց բոլորին համախոհութիւն գոյացնելու Լիբանանի համար հանրապետութեան լաւագոյն նախագահին շուրջ` աւելցնելով, որ ոմանք տակաւին կը ջանան լիբանանեան միասնականութիւնը թիրախ դարձնել:
ԱԶԳԱՅԻՆ համախմբում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Միշել Հըլու յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տագնապը կարիքը ունի իմաստուն խօսքի եւ լուրջ աշխատանքի` հեռու ժողովրդահաճոյ ըլլալէ եւ յաւելաբանութենէ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ահմետ Խէյր յայտնեց, որ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի նախաձեռնութիւնը կը միտի երկխօսութիւն կատարելու կարելիութիւն մը ստեղծել եւ ուղղուիլ խորհրդարան` ընտրելու համար հանրապետութեան նախագահը, առանց օրինաթիւը խախտելու:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շայյահ Սուտանիէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած տագնապալի իրավիճակը: