Կազմակերպութեամբ խմբագիրներու սենտիքային, երէկ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին դիմաց տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին ներկաները ոգեկոչեցին 6 մայիս 1916-ին սպաննուած եւ այդ հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացուած լիբանանցի լրագրողներուն եւ մտաւորականներուն յիշատակը:
Յիշատակի ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերիի ներկայացուցիչ, նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հասսան Ֆալհան, Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզ, խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսայֆի, լրագրողներու սենտիքայի նախագահի ներկայացուցիչ Ժորժ Սոլաժ, ինչպէս նաեւ տեղեկատուութեան մարզի մեծ թիւով ներկայացուցիչներ:
Ոգեկոչումի ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի քայլերգի ունկնդրութեամբ, ապա մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելով 6 մայիսի նահատակներուն յիշատակը:
Իր խօսքին մէջ Ֆալհա յայտնեց, որ Նահատակաց հրապարակէն սկիզբ առած է ազատութիւնը 6 մայիս 1916-ին:
Ան կոչ ուղղեց բոլոր լրագրողներուն ազատութեան մակարդակով գործելու եւ լիբանանեան տեղեկատուական մարզը ազատութեան հանգամանքին մէջ ու մակարդակին վրայ պահելու:
Միւս կողմէ, Քսայֆի իր խօսքին մէջ շեշտեց մամլոյ եւ տեղեկատուութեան ազատութեան կարեւորութիւնը` հաստատելով տեղեկատուութեան մարզի բարելաւումին համար խորհրդարանական նոր օրէնքներ վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Քսայֆի կարեւոր նկատեց եւ վերահաստատեց, որ լրագրողները դատավարութեան պէտք է ենթարկուին միայն հրատարակութիւններու յատուկ ատեանին կողմէ:
Քսայֆի պետութենէն պահանջեց այս տօնը վերստին նկատի ունենալու Լիբանանի պետական տօներու շարքին:
Հանդիպումի աւարտին ներկաները Նահատակաց յուշարձանին զետեղեցին դափնեպսակ մը: