ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 94.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.300 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 24.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 24.000 լ. ոսկիով, մազութը` 20.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 6.000 լ. ոսկիով:
Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.659.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.701.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.421.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 954.000 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ յայտնեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթի ու բնական կազի պեղման աշխատանքները պիտի սկսին սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին:
ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութիւնը երէկ յայտնեց, որ բարձր լարման ելեկտրական աշտարակները ենթարկուած են յարձակումի եւ գողութեան` Պսալիմի, Տէյր Նպուհի, հիւսիսային Պեքաայի, Պաալպեքի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ: Ընկերութիւնը հաստատեց, որ այս պատճառով Լեռնալիբանանի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ելեկտրական հոսանքի ընդհատում պիտի արձանագրուի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանեան-սուրիական երկկողմանի յարաբերութիւնները սրբագրելու, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը յաւելեալ ուշացում եւ նախապայմաններ չի կրնար հանդուրժել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Պաարինի կոչ ուղղեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին իմաստուն քայլերու դիմելու` մօտեցնելու համար հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու սննդամթերքի եւ սպառողական այլ ապրանքատեսակներու սակը ամերիկեան տոլարով նշանակելու քայլը` հիմնուելով սակերը քննելու մէջ արձանագրուած մեծ թերացումի իրականութեան վրայ:
ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադարձը որակական քայլ մըն է` արաբական համախոհութիւն գոյացնելու ճամբուն վրայ:


