Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուխարի Միքաթին Հրաւիրեց Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին Եւ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Վերաբերող Հարցեր

May 9, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ առաւօտեան այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Պուխարի Միքաթիին յանձնեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին յղած հրաւէրը` մասնակցելու Արաբական լիկայի 32-րդ վեհաժողովին, որ պիտի գումարուի Ժետտայի մէջ, 19 մայիս 2023-ին:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի Պուխարիի հետ քննարկեց լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումներն ու լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, նախագահական ընտրութեան թղթածրարի քննարկումը շարունակելու շրջագիծին մէջ Պուխարի այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ եւ պլոքի անդամ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր:

Քննարկուեցան տեղական իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապը լուծելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Պուխարի յայտնեց, որ երկրի հարցերուն լուծման համար երկարատեւ լուծումները կ՛ապահովուին ներքին լիբանանեան առումով եւ ոչ թէ արտաքին ուժերու կողմէ:

Տեղեկատուական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ հանդիպումին ընթացքին Պուխարի ընդգծած է, որ Ռիատ կարեւոր կը նկատէ նախագահական ընտրութեան կայացումը` շեշտելով, որ Սէուտական Արաբիա ոչ մէկուն թեկնածութիւնը վեթոյի կ՛ենթարկէ, ինչպէս նաեւ յատուկ թեկնածուի մը չի զօրակցիր»:

«Սէուտական Արաբիա կը յարգէ լիբանանցիներուն ընտրանքները, իսկ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը ներքին լիբանանեան քաղաքական հարց է: Ռիատ կոչ կ՛ուղղէ լիբանանցիներուն համախոհութիւն գոյացնելու», ըսաւ Պուխարի:

Պուխարի Ընդունեց Սքաֆը

Նշենք, որ Պուխարի ընդունեց երեսփոխան Ղասսան Սքաֆը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ սէուտական-իրանեան համաձայնութենէն ետք պէտք է գոյութիւն ունեցող շրջանային հանդարտութիւնը օգտագործել իրականացնելու համար նախագահական ընտրութիւնը, «սակայն չենք փափաքիր, որ այդ համաձայնութիւնը Լիբանանի հանրապետութեան նոր նախագահ մը պարտադրէ», ըսաւ ան:

Սքաֆ այցելեց նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:

Հանդիպումէն ետք ան յայտնեց, որ Պասիլի մօտ դրական մթնոլորտ կը տիրէ այդ իմաստով:

Սքաֆ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց նաեւ, որ նախագահական ընտրութեան առումով ինք լաւատես է, թէ նախքան յունիս ամիսը կարելի պիտի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել:

Նախորդը

Պըրրի Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Լիբանանի Նահատակաց Օրուան Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.