Նախագահական ընտրութեան թղթածրարի քննարկումը շարունակելու շրջագիծին մէջ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող կացութիւնն ու լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին, վերջ տալու համար նախագահական դատարկութեան եւ Լիբանանը անորոշութեան մէջ մխրճելու փուլին:
Ապի Մունայի Մօտ
Միւս կողմէ, Պուխարի այցելեց տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունայի, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական հարցերը, շրջանային եւ միջազգային զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ապի Մունա բարձր գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ աշխուժ դերակատարութիւնը` արաբական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ:
Ան դրուատեց լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի պատմական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռիատի զօրակցութիւնը Լիբանանին, որ ահռելի տագնապներ կը դիմագրաւէ:
Ապի Մունա բարձր գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ հաւասարակշռուած դերակատարութիւնը` քաղաքական երկփեղկումներուն վերաբերեալ` աւելցնելով, որ քաղաքական այդ երկփեղկումները կը վերաբերին սահմանադրական գործընթացներուն, մասնաւորաբար նախագահական ընտրութիւնը դժուարացնող խոչընդոտներուն: