Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուխարի Ռայի Պատրիարքին, Շէյխ Խաթիպի Եւ Ժեմայէլի Հետ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Վերաբերող Հարցեր

Մայիս 5, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական ընտրութեան թղթածրարը քննարկելու եւ այդ առումով շարժում մը ստեղծելու առումով, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի սկսած այցելութիւններու շարքը շարունակուեցաւ երէկ, երբ ան առաւօտեան այցելեց Պքերքէ, ուր ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:

Իր կարգին, մարոնի պատրիարքութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ուալիտ Ղայեատ յայտնեց, թէ Պուխարի Ռայի պատրիարքին փոխանցած է Սէուտական Արաբիոյ ողջոյնները եւ բարձր գնահատած` Ռայի պատրիարքին առաջադրած նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ շարունակուող ճիգերը` նախագահական ընտրութիւնը կատարելու եւ համախոհական նախագահի մը շուրջ համաձայնելու իմաստով, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ դնել նախագահական դատարկութեան փուլին, որ Ռիատի կարծիքով կը սպառնայ լիբանանցիներու ձգտումներուն իրականացման:

Ըստ Ղայեատի, Պուխարի շեշտած է, թէ պէտք է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին վերջ դնել նախագահական թափուր աթոռի դրութեան` ընդգծելով, որ Ռայի պատրիարքին նախաձեռնութիւնները կ՛երաշխաւորեն լիբանանեան ազգային համագործակցութիւնն ու ազգային միասնականութեան ամրապնդումը:

Ղայեատ ըսաւ նաեւ, որ Պուխարի շեշտած է, թէ Սէուտական Արաբիոյ համար նախագահական ընտրութեան թղթածրարը ներքին լիբանանեան քաղաքական հարց է, ինչպէս նաեւ քաղաքական ընտրանք, որ կ՛որդեգրուի Պէյրութի մէջ, «իսկ Ռիատ կը մերժէ այս իմաստով որեւէ թելադրանք կատարել», աւելցուց ան:

«Պուխարի շեշտեց, որ Ռիատ վստահ է համախոհութիւն գոյացնելու լիբանանցիներու կարողութենէն` աւելցնելով, որ համախոհութիւնն է միակ միջոցը երկրին դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական տագնապները լուծելու, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը վերահաստատելու: Պուխարի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա լիբանանցիներուն վստահութիւնը վայելող ոչ մէկուն նախագահական թեկնածութիւնը վեթոյի կ՛ենթարկէ: Ան նշեց նաեւ, որ Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ ընտրուելիք ոեւէ նախագահ պիտի արժանանայ Սէուտական Արաբիոյ ողջոյնին, եւ Ռիատ յանձնառու պիտի ըլլայ գործակցելու անոր հետ եւ օժանդակելու Լիբանանին», ըսաւ Ղայեատ:

Շէյխ Ալի Խաթիպի Մօտ

Պուխարի այցելեց նաեւ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպի, որուն յայտնեց իր շնորհաւորութիւնները` Ֆիթրի տօնին առիթով:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Խաթիպ իր օրհնութիւնները փոխանցեց սէուտական-իրանեան համաձայնութեան առումով` շեշտելով, որ այդ համաձայնութիւնը զոյգ երկիրներուն շահերը կ՛ապահովէ, ինչպէս նաեւ շրջանի երկիրներուն համար իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ:

Շէյխ Խաթիպ յոյս յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան առումով յառաջիկայ օրերուն դրական մթնոլորտ մը տիրէ եւ դրսեւորուի հանրապետութեան համախոհական թեկնածուի ընտրութեամբ, որուն յաջորդեն Լիբանանի ազգային փրկութեան կառավարութեան կազմութիւնն ու աստիճանաբար երկիրը տնտեսական եւ ապրուստի իր տագնապէն դուրս բերելու կարելիութիւնը:

Շէյխ Խաթիպ ընդգծեց Սէուտական Արաբիոյ ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը արաբական եւ իսլամական համագործակցութեան մէջ:

Սայֆիի Մէջ

Պուխարի այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնատեղին, ուր հանդիպում մը ունեցաւ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը դեսպանատուներուն թելադրանքին չ՛ենթարկուիր, այլ` կ՛առաջնորդուի իր համոզումներով եւ իր կեցուածքներով:

Ան հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը ոչինչ խնդրած է իրմէ եւ ոչ մէկ թելադրանք կատարած:

«Մենք կը մերժենք, որ Հըզպալլա իր կամքը պարտադրէ մեր վրայ եւ Լիբանանը յաւելեալ տագնապներու մէջ թաթխէ, ինչպէս նաեւ փորձէ իր մենատիրութեան ենթարկել երկիրը», ըսաւ Ժեմայէլ:

Ան շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն ընտրել Հըզպալլայի թեկնածուն` աւելցնելով, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն պէտք է փոխարինուի այլ թեկնածուով մը, որովհետեւ հարցը քաղաքական ընտրանքի հարց է եւ ոչ թէ անձի վերաբերող խնդիր:

Պուխարի հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա չի մերժեր լիբանանցիներուն կողմէ ընտրուելիք նախագահական այն թեկնածուն, որ կը վայելէ անոնց վստահութիւնը: «Կ՛ողջունենք այն, որուն շուրջ լիբանանցիները համախոհութիւն կը գոյացնեն», շեշտեց Պուխարի:

 

 

 

Նախորդը

Դատախազ Ղատա Աուն Կը Պաշտօնազրկուի

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ռայի Պատրիարքին Հետ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?