 Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ առաւօտեան այցելեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:

Հանդիպումէն ետք Պուխարի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա կը վստահի դէպի աւելի լաւ ապագայ մը ուղղուելու լիբանանցիներու կամքին:
Նշենք, որ Պուխարի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ազգային հաւասարակշռութիւն երեսփոխանական պլոքը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, մասնաւորաբար նախագահական ընտրութեան առումով:
Պուխարի վերահաստատեց նախագահական ընտրութեան առումով Ռիատի չէզոք կեցուածքը, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կայացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Ազգային հաւասարակշռութիւն պլոքը իր կարգին շեշտեց նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական անմիջական նիստ մը գումարելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց կարգ մը պլոքներու կողմէ նախագահական ընտրութեան նիստին մասնակցութիւնը պոյքոթի չենթարկելու անհրաժեշտութիւնը: