Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դրամատուներուն Մէջ Հաշիւ Ունեցող Քաղաքացիները Փողոց Կ՛իջնեն

May 10, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիները ներկայացնող միութիւններէն «Սարխաթ մուտիհին»-ը երէկ կազմակերպեց բողոքի ցոյց մը, որ սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Աուտէ» դրամատան գլխաւոր կեդրոնին դիմաց, Կեդրոնական Պէյրութ:

Փողոց իջած տասնեակներով քաղաքացիներ փորձեցին «Աուտէ» դրամատուն ներխուժել:

Անոնք փողոցը անիւներ հրկիզեցին եւ քանդեցին ելեկտրոնային դրամարկղը:

Այդ պատճառով ալ արձանագրուեցան բախումներ եւ քարկոծում` ցուցարարներուն եւ դրամատան պահակներուն միջեւ, որոնց պատճառով արձանագրուեցան վիրաւորներ:

Ապա ցուցարարները ուղղուեցան դէպի Պէյրութի քաղաքապետարան եւ խորհրդարանի շրջակայքը, ուր կատարեցին բողոքի այլ նստացոյց մը` պահանջելով դրամատուներէն վերադարձնել իրենց գումարները:

Ցուցարարներուն միացաւ փոփոխութեան երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ, որ հաստատեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կանոնաւորուի երկրին քաղաքական եւ սահմանադրական կեանքը:

Խալաֆ ընդգծեց, որ ինք ամբողջովին կը զօրակցի դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն:

Նշենք, որ Կեդրոնական Պէյրութի եւ խորհրդարանի շրջակայքը որդեգրուած էին ապահովական խիստ միջոցառումներ, մայրաքաղաքին մէջ կը գտնուէին մեծ թիւով ապահովութեան ուժեր, իսկ ցոյցի ընթացքին անոնց եւ ցուցարարներուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ, որոնք պատճառեցին վիրաւորներ:

Նկատի ունենալով այս իրավիճակը` ցուցարարները հաստատեցին, որ իրենց հարցը ապահովութեան ուժերուն հետ չէ, այլ` քաղաքական դասին եւ դրամատուներուն: Անոնք շեշտեցին, որ իրենք պիտի դիմեն մագլցողական քայլերու, մինչեւ որ կարենան ստանալ իրենց իրաւունքները:

Կարգ մը ցուցարարներ ուղղուեցան վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի բնակարանը, որուն մուտքին անոնք կրակ վառեցին եւ փորձեցին փշաթելերը շրջանցելով ներս մտնել: Ապահովութեան ուժերը ցուցարարները ցրուելու նպատակով արցունքաբեր կազեր արձակեցին, ինչպէս նաեւ անոնց վրայ պայթուցիկներ նետեցին:

Կէսօրին ցուցարարները ուղղուեցան Դրամատուներու միութեան կեդրոնը, ուր անոնք դարձեալ անիւներ հրկիզեցին եւ միութեան կառոյցին ուղղութեամբ պայթուցիկներ նետեցին:

 

Նախորդը

Միքաթի Կարգ Մը Նախարարներու Հետ Ունեցաւ Խորհրդակցական Հանդիպում Մը

Յաջորդը

Պըրրի Պու Սաապի Հետ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.