Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութեան Ընդառաջ. Քաղաքական Մագոգային Ճիգերը Թափ Կ՛առնեն Զանազան Ուղղութիւններով

May 12, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւելի քան վեց ամիսներէ ի վեր նախագահական ընտրութեան ընդառաջ պատկան կողմերու միջեւ կայացած քուլիսային թէ բացայայտ ճիգերը ստեղծած էին «սպասման» վիճակ: Վերջերս ուշագրաւ աշխուժութիւն նկատուեցաւ մակընթացութեան նշեալ մթնոլորտին մէջ, երբ ներքին թէ արտաքին առնչակից կողմերու ներկայացուցիչներ ձեռնարկեցին մագոգային սերտ շփումներու: Քաղաքական, հոգեւորական, դիւանագիտական թէ կուսակցական անձնաւորութիւններու նախաձեռնած  այդ քայլերէն կարելի է յիշել, օրինակ` խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի տեսակցութիւնները պատկան քաղաքական թէ այլ զանազան կողմերու հետ` փորձելով «քննել անոնց բազկերակը» նախագահական ընտրութեան գծով:

Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր նաեւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի ձեռնարկած տեսակցութիւնները առնչակից կողմերուն հետ: Այդ տեսակցութեանց «կիզակէտը» կազմեց երէկ` հինգշաբթի, 11 մայիսին սէուտական դեսպանատան Եարզէի նստավայրի պարտէզին մէջ կայացած հանդիպումը` դեսպան Պուխարիի եւ նախագահական թեկնածուներու փաղանգի առաջնակարգ դէմքերէն` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ: Թէեւ շատ բան չբացայայտուեցաւ այս հանդիպումի արդիւնքներէն, այսուհանդերձ Սլէյման Ֆրենժիէ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Պուխարիի այս հրաւէրին համար:

Դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ նոյնպէս տեսակցեցաւ Ազգային չափաւորականութիւն համախմբումի ներկայացուցիչներուն հետ: Այս տեսակցութիւնը երկրորդն է վերջին 48 ժամերու ընթացքին լիբանանեան սիւննի խմբաւորումի այս ներկայացուցիչներուն հետ: Հոս ալ բան չբացայայտուեցաւ, եւ դեսպան Պուխարի հանդիպումի աւարտին մեկնեցաւ առանց որեւէ յայտարարութիւն կատարելու:

Այլ ճակատի վրայ, որ աւելի ծանօթ է իր «ընդդիմադիր» ուղղուածութեամբ` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայացուցիչներէն, Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆատի Քարամ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին` միասնաբար խորհրդակցելու օրուան հրատապ հարցերուն շուրջ: Այս առիթով երեսփոխան Քարամ յայտարարեց, որ «հանդիպումներ կը կայանան Լիբանանեան ուժերու, ընդդիմադիր գրեթէ բոլոր ճակատներուն եւ Ազգային ազատ հոսանքին հետ»: Քարամ «սպառնաց» խանգարել նախագահական ընտրութեան նիստը, «եթէ փորձ կատարուի Ամալ-Հըզպալլա զոյգին կողմէ մեզի պարտադրել նախագահական թեկնածու մը»:

Նմանապէս, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ տեսակցեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատասխանատուներէն նախկին նախարար Ուաէլ Պու Ֆաուրի հետ: Այս առիթով Ժեմայէլ քաղաքացիական պատերազմի բռնկումը անխուսափելի նկատեց, «եթէ Հըզպալլա շարունակէ նախագահական իր թեկնածուն պարտադրել մեզի»:

Տարբեր չէ մթնոլորտը Պքերքէի մէջ եւս, ուր մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը «խիստ ընդվզած» կը թուի թեկնածու պարտադրելու երեւոյթի փորձերէն: Յատկապէս նախանցեալ օր Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի հետ իր խօսակցութենէն ազդուած` Ռայի պատրիարքը խիստ հաւանաբար մօտերս այցելէ Փարիզ, նախագահ Էմանուել Մաքրոնէն տեղեկանալու Ֆրանսայի կեցուածքին մասին:

Զիջումի Եւ Համախոհութեան Կոչեր

Երեւութապէս լաւատես ու յոռետես կեցուածքներու մակընթացութեան մթնոլորտին մէջ «փոխադարձ զիջումի եւ համախոհութեան» կոչեր դրսեւորուեցան կարգ մը կողմերու ներկայացուցիչներէն: Այս  իմաստով Ընկերվար յառաջդիմական ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց զիջումի եւ համախոհութեան` «կանխարգիլելու համար դէպի անցեալ վերադարձը»: Ան այս ընդգծումը կատարեց անցեալին պատահած «11 մայիս» խորագրեալ արիւնալի դէպքի մը վերյիշումին առիթով:

Նմանապէս Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ, երեսփոխան Հիւսէյն Ժաշշէ երէկ կոչ ուղղեց լիբանանեան պատկան կողմերուն` օգտուելու շրջանային, յատկապէս` սէուտական եւ իրանեան ձիւնհալի առթած դրական մթնոլորտէն եւ փոխադարձ զիջումներով հասարակաց համախոհութեան յանգելու նախագահական ընտրութեան հարցին գծով:

Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ երկար ատենէ ի վեր յոռետես ու ժխտական կեցուածքներով կը մերժէր խորհրդարանի նիստ գումարել` «ներքին համախոհութեան բացակայութեան» պատճառով,  15 յունիս 2023 թուականը նախագահական ընտրութեան ժամկէտ յայտարարեց` լաւատեսութեամբ արտայայտուելով նշեալ նիստին նախագահի մը ընտրութեան հաւանականութեան գծով:

Արտաքին Ազդակները

Զուգահեռաբար, 19 մայիս 2023-ին նախատեսուող միջարաբական վեհաժողովը կարեւոր թուական կը նկատուի լիբանանեան թղթածրարի դասաւորման գծով: Դէտեր լաւատես են, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը ճիգ պիտի չխնայէ այդ ժողովին  լուծելու լիբանանեան «թնճուկը»:

Այսուհանդերձ մտավախութիւնները տակաւին առկայ են այս գծով, ուր կարեւոր ազդանիշ կը նկատուին վերջերս իսրայէլեան բանակին  եւ պաղեստինցիներուն միջեւ բռնկած բախումները, որոնց զոհ գացին մանուկներ ու երէցներ, ղեկավար դէմքերու կողքին: Այս գծով ուշագրաւ է վերջերս Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի յայտարարութիւնը` Իսրայէլի կողմէ«բազմաճակատ յարձակումի» ձեռնարկելու գծով, ուր Լիբանան նշեալ ճակատներուն մաս կը կազմէ` Կոլանի, պաղեստինեան եւ իրանեան ճակատներու կողքին: Այս տեղեկութիւնը նոյնպէս հաստատեց լիբանանցի նախկին զօրավար Ամին Հըթէյթ` նշելով, որ Իսրայէլ նաեւ կը մտադրէ «ահաբեկումներու» ձեռնարկել լիբանանցի թէ պաղեստինցի ղեկավարներու դէմ:

Նոյն ծիրին մէջ իրազեկ աղբիւրներ անհաւանական նկատեցին 15 յունիսի նախագահական ընտրութեան ժամկէտի յաջողութիւնը:

Լաւատես եւ յոռետես մթնոլորտի այս մակընթացութեան մէջ լիբանանցիք կը մտածեն իրենց օրապահիկին եւ օրըստօրէ կորսուող արդար իրաւունքներու վերատիրացման մասին:

Նախորդը

Նախկին Նախարար Սըժաան Քազզէ Ոչ Եւս Է

Յաջորդը

Եգիպտացի Բեմադրիչ Իսամ Նաժիի «Մոռցուած Հայրենիք» Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.