Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Պու Սաապի Հետ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Վերաբերող Հարցեր

May 10, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ Պըրրի կառչած կը մնայ իր կեցուածքին:

Պու Սաապ նկատել տուաւ, որ քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութիւնը մերժելէ ետք, իրենք կը փորձեն նոր ձեւ մը կամ միջոց մը որդեգրել` քաղաքական ուժերը համախմբելու նպատակով:

Պու Սաապ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ համաձայնած է նախագահական ընտրութեան իմաստով յառաջիկային որդեգրուելիք քայլերուն մասին` աւելցնելով, որ երեսփոխաններուն հետ ինք իր հանդիպումները պիտի շարունակէ:

«Իմ նախաձեռնութեանս նպատակն է տեղքայլին վերջ տալ եւ իրարու հետ խորհրդակցիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ առիթ ստեղծել եւ նախագահական դատարկութեան փուլին վերջ մը տալ», յայտնեց ան:

Պու Սաապ Այն Թինէէն ետք ուղղուեցաւ Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի հետ:

Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացուցած են յառաջիկայ փուլը կանոնաւորելու կարեւորութեան մասին, ինչպէս նաեւ ընդգծած են քաղաքական ուժերուն միջեւ հասարակ յայտարարներու յանգելու եւ մերձեցման ու երկխօսութեան կամուրջներ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը:

Պու Սաապ յայտնեց, որ արտաքին աշխարհին մէջ արձանագրուած մերձեցումներէն ետք կարելի չէ ձեռնածալ մնալ եւ սպասել գոց տուփով ստացուելիք լուծման: «Մենք լիբանանցիներուն համախոհութենէն բացի ոչինչ կրնանք պարգեւել, չունինք այլընտրանք», ըսաւ ան:

Պու Սաապ յայտնեց, որ առաջադրուած նախաձեռնութեան առաջին քայլը բոլորին համախոհութեան արժանացած է, իսկ երկրորդ փուլը հիմնուած է գործնական քայլերու վրայ` աւելցնելով, որ այդ փուլին արդիւնքը կը յստականայ 10 օրուան ընթացքին:

Միւս կողմէ, Պըրրի խստիւ դատապարտեց Կազայի մէջ առաւօտեան կանուխ ժամերուն իսրայէլեան ուժերուն գործած սպանդը, որ պատճառեց 14 զոհեր, որոնց շարքին կիներ ու երեխաներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան 20 վիրաւորներ:

«Կազայի մէջ պատահածը կը հաստատէ, որ Իսրայէլ քաղաքական եւ ապահովական մակարդակներու վրայ կը ներկայանայ իբրեւ ահաբեկչական պետութիւն մը», շեշտեց ան:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Իրաքի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Ահմետ Ասատին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամի եւ Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմի նախագահ Ամին Նասրաուիի:

Պատուիրակութիւնը Պըրրիին ներկայացուց Լիբանան կատարած իրենց այցելութեան նպատակները, ինչպէս նաեւ զոյգ նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութիւնն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու իմաստով որդեգրուած քայլերը:

Հանդիպումի աւարտին Ասատի շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահին հաստատած են, թէ Իրաք միշտ պիտի օժանդակէ Լիբանանին:

Իր կարգին, Պայրամ ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ կայ լուրջ եւ կարեւոր գործակցութիւն, որմէ կ՛օգտուին երկու երկիրները:

Նախորդը

Դրամատուներուն Մէջ Հաշիւ Ունեցող Քաղաքացիները Փողոց Կ՛իջնեն

Յաջորդը

Ֆատի Ալամէ Եւ Յ. Բագրատունի Հանդիպում Մը Ունեցան Յորդանանի Դեսպանին Հետ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.