Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութեան Գծով Վերապահ Ու Խանդավառ Մթնոլորտին Մէջ. Սերտ Ճիգեր` Երկրի Հրատապ Հարցերու Լուծման Գծով

Մայիս 13, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին օրերու քաղաքական իրադարձութիւնները նոր հորիզոններ բանալու միտող ջանքերու տպաւորութիւն ձգեցին լիբանանեան քաղաքական, կուսակցական թէ պաշտօնական շրջանակներուն, եւ առհասարակ` հանրային կարծիքին մօտ:  Դիւանագիտական աշխուժ եռուզեռը խոստմնալից քայլերու տպաւորութիւն ձգեց: Արդարեւ, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ շարունակեց իր հանդիպումները Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչակից անձնաւորութիւններու թէ մարմիններու հետ: Այս ծիրին մէջ, երէկ ուշագրաւ էր դեսպան Պուխարիի այցելութիւնը նախագահական թեկնածու երեսփոխան Միշել Մուաուատի եւ անոր ընկերակիցներուն` «Վերանորոգում» համախմբումին, անոր Սին էլ Ֆիլի կեդրոնին մէջ: Այս առիթով Մուաուատ վերահաստատեց իր կեցուածքը` մերժելով լիբանանցիներու կամքէն անկախ թեկնածուի պարտադրութեան հաւանականութիւնը, միաժամանակ ընդգծելով, որ իրենք ձեռք կ՛երկարեն բոլորին` վասն Լիբանանի կայունութեան ու հարցերու դասաւորման:

Դեսպան Պուխարի երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի հետ, որ դրուատեց սէուտական ճիգերը` նշելով, որ Սէուտական Արաբիա խթանիչ դեր կը կատարէ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցի դիւրացման ու լուծման գծով:

Նոյն ծիրին մէջ, երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի բարձր գնահատեց դեսպան Պուխարիի քայլերը` զանոնք նկատելով «բաւական լուրջ ու խոստմնալից»:

Դիւանագիտական առումով նոյնպէս Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռոտաքով վերահաստատեց Լիբանանի հետ իր երկրին բարեկամական եւ օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը` Նապաթիէի մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին:

Իսկ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուի երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Անոնք միասնաբար խորհրդակցեցան երկկողմանի յարաբերութեանց եւ նորագոյն իրադարձութեանց շուրջ:

Նմանապէս Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ շարունակեց իր մարդասիրական օժանդակութեան ճիգերը լիբանանեան կարիքաւոր շրջաններուն` միաժամանակ ընդգծելով իր երկրի պատրաստակամութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան եւ կայունութեան ամրապնդման գծով: Նշենք, որ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքի Փարիզ այցելութիւնը կը նախատեսուի յառաջիկայ յունիսի սկզբնաւորութեան, եւ այս գծով նախապատրաստական ճիգեր արդէն իսկ ծայր առած են:

Միւս կողմէ, Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերու պատասխանատու դեսպան Վալեր Ֆրանքոջօ երէկ, ընկերակցութեամբ դեսպան Մարեք Վարկայի, հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:

Այս մթնոլորտին մէջ կարգ մը իրազեկ աղբիւրներ անհաւանական կը նկատեն նախագահական բարեյաջող ընտրութիւնը` սպասելով արտաքին ազդակներու, յատկապէս` Իսրայէլի կողմէ սանձազերծուող յարձակումներուն թէ Ուքրանիոյ պատերազմի արդիւնքներուն, որոնց գծով կարգ մը առնչակից կողմեր, ինչպէս` Քաթար, իրենց վերջնական կեցուածքը չեն դրսեւորած տակաւին: Այսուհանդերձ 19 մայիսին նախատեսուող Արաբական վեհաժողովը որոշ չափով կրնայ յստակացնել տիրող մթնոլորտը:

Մինչ այդ, Լիբանանի պատկան մարմիններ սերտ ճիգեր կը թափեն դասաւորելու համար երկրի հրատապ հարցերը, ինչպէս` Լիբանան ապաստանած երկու միլիոն սուրիացի տեղահանուածներու հարցը: Այս գծով խիստ հաւանական կը նկատուի, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի մօտերս այցելէ Սուրիա, ուր արդէն իսկ երկկողմանի համաձայնութեանց թղթածրարները գրեթէ ամբողջացած են: Նոյն ծիրին մէջ ուշագրաւ է լիբանանեան եւ սուրիական ապահովական պատկան ուժերու համադրողական գործակցութիւնը` ընդդէմ փախստականներու եւ օրինազանցներու հետապնդման:

Նախորդը

Նասրալլա. «Նախագահական Ընտրութեան Գծով Դրական Քայլեր Կան»

Յաջորդը

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Գործունէութեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?