Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց կարգ մը նախարարներ, որոնց հետ քննարկեց երկրին եւ իւրաքանչիւր նախարարութեան հետ կապուած շարք մը հարցեր:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան կապուած հարցերը, յատկապէս պատկերասփիւռի պետական կայանին վերաբերող:
Միքաթիի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, որուն հետ քննարկեց Ժետտայի մէջ գումարուելիք Արաբական լիկայի 32-րդ վեհաժողովին մասնակցութեան նախապատրաստութիւնները:
Միքաթիի այցելեց նաեւ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ երբ հայրենիքին շահերը ապահովելու հարց կայ, ապա բոլոր պատասխանատուները կոչուած են շրջանցելու քաղաքական որեւէ տեսակի տարակարծութիւն:
Շարաֆէտտին յայտնեց, որ ինք կը գործակցի, այնքան ատեն որ կան ազգային ծրագիրներ:
Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը 22 մայիսին պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարը:


