Արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ եւ յանձնախումբի զեկուցաբեր, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցան Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Հատիտի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-յորդանանեան փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները` տարբեր մարզերու մէջ` նկատի ունենալով փոխադարձ կարիքներն ու սկզբունքները, որոնք կը ծառայեն փոխադարձ շահերու ապահովումին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ անցեալ շաբաթ Յորդանանի հիւրընկալած Ամմանի խորհրդաժողովին արդիւնքները: