Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ. «Լիբանանի Մէջ Սուրիական Որեւէ Այցելութիւն Ողջունելի Է»

May 11, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիական որեւէ այցելութիւն ողջունելի է` աւելցնելով, որ իրենք իրենց կարգին Սուրիա այցելած են զայն հարուածած երկրաշարժէն ետք ու հանդիպում մը ունեցած Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:

Պու Հապիպ նկատել տուաւ նաեւ, որ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Ասատ պիտի հրաւիրուի Ռիատի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական լիկայի վեհաժողովին` աւելցնելով, որ շատ հաւանական է, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի եւ Ասատ հանդիպում մը ունենան Ռիատի մէջ:

Պու Հապիպ նշեց, որ բոլոր արաբական երկիրները կ՛ողջունեն Սուրիոյ վերադարձը Արաբական լիկա` ընդգծելով սակայն, որ կարելի չէ անոր հետ գործակցիլ` նկատի ունենալով ամերիկեան պատժամիջոցները: «Այդ պատճառով է, որ մենք կը գործենք ինքզինք զանց կացուցելու սկզբունքին հիման վրայ», ըսաւ ան:

Նախագահական ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Հապիպ շեշտեց, որ նախագահական ոեւէ այլ թեկնածու կարելի պիտի չըլլայ առաջադրել, այնքան ատեն որ կան երկու հզօր թեկնածուներ, որոնք են` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն:

Սուրիացի տեղահանուածներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Հապիպ յայտնեց, որ Սուրիա չի կրնար անոնց տունդարձը կազմակերպել` դիտել տալով, որ նախագահ Ասատ յայտնած է, թէ ինք կ՛ողջունէ իր քաղաքացիներուն տունդարձը, սակայն չի կրնար ստիպել, որ անոնք վերադառնան, այնքան ատեն որ ՄԱԿ կը վճարէ անոնց:

 

 

Նախորդը

Պու Սաապ. «Կառավարութիւնը Պէտք Չէ Ուշանայ Սուրիական Պետութեան Հետ Վերահաստատելու Իր Յարաբերութիւնները»

Յաջորդը

Կառավարութիւնը 22 Մայիսին Պիտի Գումարէ Նիստ Մը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.